Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Կրթական Համակարգի Ծրագրային Բարեփոխումները Պէտք Է Իրականացուին Նոր Աշխատակարգով»

February 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Levon-Mkertchian_022616

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նոր նշանակուած նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ հրաւիրած է առաջին աշխատանքային խորհրդակցութեան, որուն ներկայ եղած են  նախարարութեան ստորաբաժանումներու եւ առանձնացուած կառոյցներու պատասխանատուները:

Նախարարը խորհրդակցութիւնը սկսած է հանրապետութեան մէջ ընթացող կառավարման մարզի բարեփոխումներով պայմանաւորուած համակարգային նոր մշակոյթը կարեւոր նկատելով:

«Սահմանադրութեան փոփոխութիւններէն ետք մեր պետութիւնը թեւակոխած է պետական համակարգի փոփոխութիւններու աշխուժ հանգրուան, որ կ՛ենթադրէ կառավարման  աւելի արդիւնաւէտ մշակոյթի ներդրում: Հանրապետութեան նախագահի  վերջին ծրագրային ելոյթին մէջ շատ յստակ ուղենիշներ դրուեցան յառաջիկայ տարիներուն համար: Ատիկա, ըստ էութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան նոր ծրագրային փաստաթուղթն է, որ պիտի դրուի մեր աշխատակարգի հիմքին մէջ: Կրթական համակարգի ծրագրային բարեփոխումները պէտք է իրականացուին նոր աշխատակարգով: Անոնք, որոնք կրնան եւ պատրաստ են այդ աշխատակարգի պահանջով առաջնորդուիլ, պիտի շարունակեն իրենց նպաստը բերել կրթական համակարգի զարգացման», նշած է Մկրտչեան` շեշտելով, որ խորհրդակցութեան մասնակիցներէն շատեր  կրթական համակարգին մէջ անցած են երկար ճամբայ եւ ունին մեծ ներդրում համակարգի ստեղծման գործին մէջ:

Նախարարը անգամ մը եւս շեշտած է, որ աշխատանքի գնահատման միակ չափանիշը պիտի ըլլայ արհեստավարժութիւնը: «Դժուարութեամբ  իրականացուած բարեփոխումներու ընթացքին մենք կրցանք կրթական համակարգի արտաքին տեսքը ստեղծել, ժամանակն է, որ մտածենք բարեփոխումներու ձեւին մէջ բովանդակութիւն ներդնելու մասին: Կրթական  հիմնական  բարեփոխումները եղած են  համապատասխանութեան եւ որակի ծրագիրներ: Համապատասխանութեան խնդիրը, կարգ մը բացթողումներով, սակայն լուծած ենք, այժմ մենք խնդիր ունինք տարիներու ընթացքին ստեղծուած բարեփոխումներու գործիքակազմին տալու իմաստ, այլապէս անոնք կրնան կորսնցնել իրենց իմաստը», նշած է նախարարը` ընդգծելով, որ կրթութեան  որակի խնդիրը բովանդակային լուրջ աշխատանք եւ միացեալ ջանքեր կը պահանջէ:

Նախարարը առանձին կերպով անդրադարձած է կրթութեան բոլոր աստիճաններուն` մանրամասնելով հանրակրթութեան, միջին մասնագիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան մարզի խնդիրները: Լ. Մկրտչեան այս շրջագիծին մէջ յատուկ ընդգծած է հանրակրթութեան մարզին մէջ աւագ դպրոցներու, բարձրագոյն կրթութեան մարզին մէջ  մագիստրոսի ծրագիրի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը:

Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ կրթական համակարգի կառուցուածքային, համակարգի ֆինանսաւորման, առանձնացուած ստորաբաժանումներու աշխատանքին եւ բազմաթիւ այլ հարցերու:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Ռուսիոյ Բողոքագիր Յղած Է` Հայաստանին Զէնք Վաճառելու Կապակցութեամբ

Յաջորդը

«Դաշնակցութիւնը Ստեղծուած Է Հայ Ժողովուրդին Ծառայելու Համար» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.