Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Նասեր Ժաուտաթի եւ Իրաքի փոխնախագահ Թարեք Հաշիմիի հետ երկու անջատ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց ընթացքին քննարկեց Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Տաւութօղլու հեռաձայնային նշեալ հաղորդակցութեանց ընթացքին անդրադարձած է երկկողմանի յարաբերութեանց, ընդհանրապէս Սուրիոյ ու Արաբական գարունի վերջին զարգացումներուն «եւ մասնաւորաբար թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն»:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Իսրայէլ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական մարզի համաձայնութեանց մէջ առեւտրական բարոյականութենէն զուրկ է»: Ան նշեց, որ «Իսրայէլ զինուորական մարզի մեր երկկողմանի համաձայնութեանց նկատմամբ որեւէ յարգանք չցուցաբերեց»:
Էրտողան նշեց, որ «առանց օդաչուի սարքեր գնուեցան, ապա վերադարձուեցան անոնց վրայ յաւելեալ նորոգութիւն կատարելու, եւ տակաւին (իսրայէլացիները) անոնց յանձնումը կ՛ուշացնեն. ասիկա բարոյակա՞ն է»:
Իսրայէլի զբօսաշրջութեան նախարար Սթաս Միսաժնիքով յայտնեց, որ «անհրաժեշտ է թուրք ժողովուրդը եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը զատորոշել»` վստահեցնելով, որ Իսրայէլ կը մերժէ «զոհը ըլլալ Էրտողանին, որ զայն (Իսրայէլը) անձնական թշնամիի մը վերածած է»:
Իսրայէլացի նախարարը Էրտողանը իր կեցուածքները փոխելու մղելու ամերիկեան ջանքերուն յաջողութեան նկատմամբ կասկած յայտնեց:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի նախկին վարչապետ, ընդդիմութեան ղեկավար Ցիփի Լիվնի յայտնեց, որ իսրայէլեան եւ թրքական ղեկավարութիւնները պէտք է դուրս գան արտաքին քաղաքականութեան մէջ վարմունքին անյարիր վարուելակերպերու երկարատեւ շրջանէն: Ան աւելցուց, որ «Թուրքիա Իսրայէլի հետ իր յարաբերութիւնները վատթարացնել որոշեց` մեկնելով իր այն զգացումէն, որ Իսրայէլ պաղեստինցիներուն հետ բանակցութեանց բացակայութեան պատճառով միջազգային գետնի վրայ մեկուսացած եւ տկարացած է»: «Ժամանակը հասած է, որ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու գիտակցի, որ բանակցութիւններուն բացակայութիւնը Իսրայէլի ապահովութեան վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունի», ընդգծեց Լիվնի:


