Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ՇԱԲԱԹ ՕՐ ՍՈՒՐԻԱ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

September 8, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեպիլ Արապի

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի օգնականը յայտարարեց, որ Արապի շաբաթ օր Սուրիա պիտի այցելէ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Սուրիա ջնջած էր երէկ նախատեսուած անոր այցելութիւնը: Սուրիական կառավարութիւնը յայտնեց, որ այդ այցելութիւնը յետաձգուած է «առարկայական պատճառներով»:

Արաբական լիկան կոչ ուղղած է Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու եւ սուրիացի ժողովուրդի ընկերային ու քաղաքական բարեփոխումներու օրինական ձգտումին մասին խօսած է: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, Նեպիլ Արապի իրեն հետ Սուրիա պիտի տանի որոշակի առաջարկներ, ներառեալ` երեք տարուան ընթացքին բազմակուսակցական կառավարութեան մը կազմութեան առաջարկը:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ, որ իր երկրին պաշտպանութեան նախարարին հետ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին սուրիական վարչակազմը ամբաստանեց մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու յանցանքով: «(Սուրիական վարչակազմին) ժողովրդային բողոքի ցոյցերը ճնշելու կերպը անընդունելի է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Սուրիա յաւելեալ պատժամիջոցներ կրնայ դիմագրաւել, եթէ իր ընթացքը չփոխէ:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ Դիմատետրի վրայ իր զետեղած գրութեան մէջ խոստացած բարեկարգումներէն որեւէ մէկը կատարելու սուրիական վարչակարգին կարողութիւնը կասկածի տակ առաւ: «Ո՛չ Սուրիոյ մէջ բողոքի շարժումը, ո՛չ ալ միջազգային ընտանիքը պիտի հաւատայ, որ սուրիական ղեկավարութիւնը կ՛ուզէ կամ կարող է սուրիացի ժողովուրդին փափաքած արմատական, իսկական եւ փաստացի բարեկարգումները իրականացնելու», յայտնեց Ֆորտ:

Ան նշեց, որ «հարցը արեւմտեան զինուորական միջամտութեան հետ կապ չունի, այլ` հիմնարար քաղաքականութիւնները, որոնք նշուած են ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց ուխտին մէջ, զոր, պէտք չէ մոռնալ, Սուրիան վաւերացուցած է: Ուխտը կոչ կ՛ուղղէ խօսքի ազատութեան ու խաղաղ հաւաքներու մասնակցելու ազատութեան»: Դեսպանը ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներ «ամբողջական կերպով զօրավիգ կը կանգնին այդ ազատութիւնները օգտագործելու սուրիացիներուն իրաւունքին»:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներ խմբակի ընդհանուր հսկիչ Ռիատ Շաքֆա յայտարարեց, որ խմբակը կը մերժէ Ասատի հետ իշխանութեան բաժնեկցութիւնն ու ՕԹԱՆ-ի միջամտութիւնը:

Նախորդը

ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՀԱՆԴԷՊ ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԿԱՆԻՇԸ ՀԱՍԱԾ Է ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆԻՆ

Յաջորդը

ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՀԵՏ ԻՐ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՀԱՐՑԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՀԵՏ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.