Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. «Անելիք Ունենք…»

Փետրուար 19, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

p1-khemp-president-sargsyan-constitution2

Խօսքը գործի վերածելու ժամը հնչած է:

Անկիւնադարձային եւ վճռական ժամանակաշրջան մը սկսաւ հայրենի ներքաղաքական կեանքէն ներս, յատկապէս` ՀՅ Դաշնակցութեան համար, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր, իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, պայքարած էր սահմանադրական փոփոխութիւններու համար:

Այսպէս, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, անցեալ շաբաթավերջին, իր նստավայրին մէջ, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներու եւ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու ներկայութեան բեմ բարձրացաւ եւ մանրամասնութեամբ անդրադարձաւ սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն` «աւետելով» այս գործընթացին մեկնարկը:

Մանրամասնօրէն հետեւելով նախագահ Սարգսեանի խօսքերուն` յստակ է, որ անսահման գործ կայ կատարելիք: Մաքրագործման աշխատանքին գծով փոփոխութիւններու եւ բարեկարգումներու կարիք կայ: Հոս է, որ Դաշնակցութիւնը, որ օրին «Այո՛» քուէարկեց, աշխատանք ունի կատարելիք:

Դիւրին չէ «քոալիցիա» մուտք գործելն ու ձեռնածալ մնալը:

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Տարբեր պրիսմակով, տարբեր ակնոցով… Պարզ զուգադիպութեամբ մը այս օրերուն կը պատրաստուի լայնածաւալ «ՀՅ Դաշնակցութիւնը անելիք ունի՞, թէ՞ չունի» հատորը, որ կը ներկայացնէ գրեթէ դար մը առաջ դաշնակցական ղեկավարներու գործերը: Կարճ փակագիծով մը, այս գործերը իրենց վերլուծումներով կը պարփակեն Սիմոն Վրացեանի, Ռուբէն Դարբինեանի, Արշակ Ջամալեանի եւ Վահան Նաւասարդեանի պատասխանները` Յովհաննէս Քաջազնունիի «ՀՅ Դաշնակցութիւնն անելիք չունի» հիասթափութիւն, յուսախաբութիւն եւ յուսահատութիւն սրսկող գործին:

Այսպէս, պատմութիւնը դար մը ետք ինքզինք կը կրկնէ բոլորովին տարբեր պայմաններու տակ:

Գոյութիւն չունի համայնավարական կառոյց, այլ` այդ կառոյցէն դուրս եկած անկախ հանրապետութիւն մը, որ եօթանասուն տարուան կալանաւորման վրայ հիմնուած է եւ կը կարօտի ամբողջական վերակառուցման:

Այս գծով վրացեանական «Խարխափումներ»-էն դուրս գալով… «Անելիք ունի ՀՅ Դաշնակցութիւնը, անելի՛ք ունենք»:

Իսկ եթէ այդ նկարագրուած ու սպասուած թափանցիկութիւնը, ժողովրդավարական կանոններու հաստատումն ու զեղծարարութեան դէմ պայքարը…

Եթէ արդարադատութեան համակարգը զերծ չմնայ կաշառքէ եւ ճնշումներէ…

Եթէ մարդկային իրաւունքները իսկապէս արդար ու ամուր արժէք ու համակարգ չստանան…

Եթէ խորհրդարանական դրութեան հաստատումն ու ըստ այնմ կիարկումը անգամ մը եւս խախտուի…

Եթէ կեանքի կոչուած յետսահմանադրական ընտրութիւնները չըլլան օրինակելի եւ չբարձրացնեն հայրենիքի միջազգային վարկն ու հեղինակութիւնը…

Եթէ տնտեսական եւ ընկերային պայմանները մնան անփոփոխ` շարունակ դուռ բանալով արտագաղթին…

Եւ եթէ խորհրդարանական կառոյցով, պարզապէս պաշտօններու փոփոխութիւններ պիտի կատարուին` վարչապետ փոխան նախագահի, սակայն անձերն ու ենթակառոյցները պիտի մնան անփոփոխ…

Այդ ժամանակ ալ «Անելիք ունի ՀՅ  Դաշնակցութիւնը» եւ շատ աւելի… անգամ մը եւս ընդդիմանալով եւ սահմանադրութեան արդար կիրարկում պահանջելով:

15 փետրուար  2016

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. «Ի՞նչի Կը Սպասէք, Միացէ՛ք Մեզի»

Յաջորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Պահածոյ Ուտեստեղէնները (Տուփեղէն Եւ Սառած)» Նիւթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար
Հայկական

Բադալեան. «Երեւան Ապու Տապիի Հանդիպումը Կը Նկատէ Յաջող, Եւ Կը Հաստատենք, Որ Անիկա Կրնայ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Հետագայ Իրականացման Լուրջ Հիմք Հանդիսանալ»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?