ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօր ձեր լաւ վերաբերումով պիտի կարենաք ուղղութիւն տալ ձեր շուրջիններուն: Առիթները անպակաս պիտի ըլլան օգտագործելու: Անակնկալ հիւրեր պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Հաւանական է, որ ձեր ասպարէզին մէջ ունենաք փոփոխութիւն մը, առանց վիճաբանութեան: Պիտի զգուշանաք խնդրայարոյց անձերէ, որպէսզի ձեր օրը բարի ըլլայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրուան համեմատ շարժում ըրէք, որով պիտի կարենաք հասկնալ եւ հասկցուիլ ձեր շրջանակին մէջ: Պէտք է գիտնաք հասկնալ ձեր խօսակիցներուն անկեղծութիւնը կամ ձանձրոյթը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Լաւատեսութիւնը զէնք մըն յոռետեսութիւնը պարտութեան մատնելու: Ձեր տրամադրութեամբ ազդեցէք ձեր խօսակիցին վրայ, որպէսզի վստահութիւն ներշնչէք անոր:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի նեցուկ պիտի կանգնի անձ մը, որ կը հաւատայ ձեզի: Օգտուեցէք այս առիթէն, որ պիտի ստեղծէ նոր հանգամանք մը ձեր յարաբերութեան մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վիճաբանութիւն մը պիտի ստեղծուի, որմէ պիտի չկարենաք խուսափիլ: Արթուն եղէք ձեր շուրջի անցուդարձերուն նկատմամբ, որպէսզի չարախօսներու զոհը չդառնաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզ փնտռողներ պիտի ըլլան, եւ պիտի կարենաք յառաջդիմելու ճամբայ մը գտնել: Օրուան ընթացքին պիտի հանդիպիք նոր դէմքերու, որոնք պիտի հետաքրքրեն ձեզ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գեղեցիկ անակնկալ մը ունիք զգացական մարզին մէջ: Անձ մը նորութիւններ պիտի ստեղծէ ձեզի համար, ինչ որ չէիք սպասեր: Առաջին քայլը ինք պիտի առնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ փորձէք իրաւարարի դեր կատարել ընտանեկան վիճաբանութեան մը մէջ: Նուազ միջամուխ ըլլալը աւելի օգտակար պիտի ըլլայ ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատախօսներու հետ հասկցուիլը դժուար պիտի ըլլայ: Հեռու մնացէք այսպիսի անձերէ, որպէսզի ձեր լաւ տրամադրութիւնը չխանգարուի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պայմանագրութիւն մը պիտի վերանորոգուի նոր բանակցութեամբ մը, պայմանաւ որ ձեր պարտականութիւնները լաւ կատարած ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Առիթը պիտի ունենաք գրաւելու անձի մը ուշադրութիւնը` հրապուրելով զայն: Օգտուեցէք առիթէն` մնալով միշտ փոխադարձ հասկացողութեան վիճակի մէջ:
