Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հարցերով ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ Պաքուի մէջ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Աիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ստեղծուած ներկայ կացութիւնը:
Ափաթուրայ լրագրողներուն յայտնած է. «ՕԹԱՆ իր դիրքորոշումը ունի այս հարցին մէջ: Շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը մտահոգութիւն կը յառաջացնէ: Կացութիւնը բարդ է: Հիւսիսատլանտեան դաշինքը կը կարծէ, որ կողմերը պէտք է աշխատին խաղաղ լուծման շուրջ: Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այսպէս է. մենք կ՛աջակցինք Մինսքի խմբակին եւ փոխադարձ համաձայնութեան սկզբունքի վրայ տագնապի լուծման»:
Ան յիշեցուցած է, որ ՕԹԱՆ չի մասնակցիր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին: