
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Սիւզըն Ռայս 15 փետրուարին յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ մնալ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր գործընկերը:
«Թուրքիան կարեւոր գործընկեր է, կը մնայ, ինչպէս եւ ուրիշները», ըսած է Ռայս զեկուցումի ժամանակ: Ան յիշեցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած Միջազգային դաշինքին անդամ են 65 երկիրներ: