Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Հրետանիին Ռմբակոծումը Կը Շարունակուի 4-րդ Օրն Ըլլալով. «Սուրիոյ Մէջ Ռուսերուն Օգտագործած Հաշիւները Ցածոգի Են, Իսկ Անոնց Ծրագիրները` Անմարդկային» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

Փետրուար 17, 2016
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու

Մինչ թրքական հրետանին 4-րդ օրն ըլլալով շարունակեց ռմբակոծել Սուրիոյ մէջ քրտական ուժերու դիրքերը` Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Անգարայի մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններու հերթական ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Մենք միայն Հալէպն ու անոր բնակիչները չենք պաշտպաներ, այլեւ աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ բոլոր անիրաւուածները»` աւելցնելով. «Մենք միշտ պիտի մնանք աշխարհի բոլոր կողմերուն մէջ անիրաւուածներուն ու կարիքաւորներուն կողքին»:

«Թերեւս աշխարհը կը լռէ Սուրիոյ մէջ մեր եղբայրներուն դէմ գործուած ջարդերուն ի տես, սակայն մենք պիտի չլռենք: Նոյնիսկ եթէ աշխարհի բոլոր երկիրները մեզի դէմ ելլեն` պիտի շարունակենք ըլլալ շրջանին մէջ անիրաւուածներուն ձայնը, տեղահանուած մեր հիւրերը պիտի պաշտպանենք եւ մեր խիղճը պիտի մնայ կենդանի ու անմահ», ըսաւ Թուրքիոյ վարչապետը:

Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ «միասնական ժողովուրդը» պառակտելու սադրանքները պիտի չյաջողին, ոչ ալ «հզօր Թուրքիոյ դէմ նիւթուող դաւերը»:

Տաւութօղլու նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսերուն օգտագործած հաշիւները ցածոգի են, իսկ անոնց ծրագիրները` անմարդկային: Ան ըսաւ, որ Ռուսիա Հալէպ քաղաքին մէջ անիրաւուած քաղաքայինները սպաննելու համար վատոգի եւ անկիրթ գործելաոճ կը կիրարկէ` աւելցնելով, որ Ռուսիան ու անոր աջակցողները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումով ցեղային մաքրագործում կը կատարեն:

Տաւութօղլու ըսաւ, որ իրենք սկսած են «հակադարձել» Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան` աւելցնելով. «Նոյն ուժգնութեամբ պիտի հակադարձենք բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ եւ թրքական սահմանի անվտանգութեան դէմ ոտնձգութիւն կը կատարեն»:

«Եթէ աշխարհը հասկցած ըլլար Սուրիոյ մէջ ապահով գօտի ստեղծելու Թուրքիոյ առաջարկը, սուրիացի մեր եղբայրներէն շատերուն մահը կանխարգիլած կ՛ըլլայինք», ըսաւ ան` նշելով. «Պիտի հակադարձենք Ազեզի մէջ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր յարձակումի եւ պիտի հարուածենք բոլոր անոնք, որոնք ռուսական եւ վարչակարգի ուժերուն հետ կը գործակցին»:

«Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարումէն ետք Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը` վերածուելով Ռուսիոյ շրջանային ծրագիրներու լեգէոններու եւ զուգահեռ զինուորի, իրեն համար առաջնահերթութիւն դարձուցած է Թուրքիոյ վնաս պատճառելը: Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը երբեք ալ քիւրտերուն ներկայացուցիչը չէ, այլ` Ռուսիոյ լեգէոններն ու զուգահեռ զինուորն է», յայտնեց Թուրքիոյ վարչապետը:

«Մենք դէմ պիտի կանգնինք Սուրիան մասնատել փորձող բոլոր ծրագիրներուն եւ նոր Սայքս-Փիքօ մը պիտի չընդունինք», ըսաւ Տաւութօղլու` աւելցնելով. «Եթէ Սուրիոյ մէջ անոնց կատարած ժողովրդագրական փոփոխութեան ծրագիրին դէմ պիտի չկանգնինք, մենք մեզ պիտի գտնենք ծանր հետեւանքներու դէմ յանդիման»:

Մինչ այդ, թուրք պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Թուրքիա Միջազգային դաշինքի իր գործընկերներէն, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներէն կը խնդրէ մասնակցիլ Սուրիոյ մէջ ցամաքային զինուորական գործողութեան` վերջ տալու համար երկրին մէջ հինգ տարիէ ի վեր շարունակուող պատերազմին:

«Մենք ըսած ենք դաշինքի գործընկերներուն, որ պէտք է ցամաքային գործողութիւն մը ըլլայ: Ասոր կարելիութիւնը կը քննարկուի դաշնակիցներուն հետ: Եթէ համաձայնութիւն գոյանայ, Թուրքիան ատոր պիտի մասնակցի: Առանց ցամաքային գործողութեան անկարելի է դադրեցնել այս պատերազմը», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Թուրքիան ինքնագլուխ այդպիսի գործողութեան մը պիտի չձեռնարկէ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը կոչ ուղղեց Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղղակի երկխօսութիւն կատարելու եւ Թուրքիոյ կողմէ քրտական ուժերու դիրքերու ռմբակոծման լոյսին տակ մագլցումէ զգուշանալու: «Շատ կարեւոր է, որ ռուսերն ու թուրքերը դէմ առ դէմ խօսին եւ մագլցումը կանխարգիլելու համար անհրաժեշտ քայլերը որդեգրեն», ըսաւ աղբիւրը:

Միւս կողմէ, ռուս դիւանագէտ մը յայտնեց, որ ռուսական իշխանութիւնները ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրած են քննարկել Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ թիրախներու ռմբակոծման հարցը` նշելով. «Մոսկուա Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն յղեց նամակ մը` պահանջելով խորհուրդի նիստ մը, որովհետեւ սուրիական հողերուն դէմ Թուրքիոյ ուժի կիրարկման նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը զգայ»:

 

Նախորդը

Քոնիայի Մէջ Թուրք-Սէուտական Հնգօրեայ Ռազմափորձ. Եգիպտոսի Նախագահը Կը Մերժէ Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Միջամտութիւնը

Յաջորդը

Սպիտակ Տուն. «Թուրքիան Կը Մնայ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Միացեալ Նահանգներու Կարեւոր Գործընկերը»

RelatedPosts

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են`  Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Եւ Ռուպիօ Կրկին Զրուցած Են` Այս Անգամ «Ոտքի Վրայ»

Յուլիս 12, 2025
Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը,  Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»
Միջազգային

Քաց. «Իսրայէլ Կրկին Պիտի Հարուածէ Իրանը, Եթէ Թեհրանի Կողմէ Սպառնալիքի Ենթարկուի»

Յուլիս 12, 2025
ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ  Խորհրդանշական Արարողութեամբ  Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել
Միջազգային

ՔԱԿ-ի Զինեալները Հիւսիսային Իրաքի Մէջ Խորհրդանշական Արարողութեամբ Սկսած Են Զէնքերը Վար Դնել

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?