12 փետրուարին Արցախի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու կազմակերպման հոլովոյթին վերաբերող ընդլայնուած խորհրդակցութիւն տեղի ունեցած է ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնին մէջ:
Խորհրդակցութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ, Լեռնային Ղարաբաղի գործադիր մարմինի ՀՅԴ-ի անդամներ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի շրջանային մարմիններու ներկայացուցիչներ, կուսակցականներ:
Խորհրդակցութեան հրաւիրուած էր փորձագէտ Սուրէն Պարսեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան խորհրդակցութեան սկիզբը ըսած է, որ անիկա կը միտի Արցախի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու ընթացակարգին շուրջ կուսակցականներուն տեսակէտներն ու հիմնաւորումները ի մի բերել, որպէսզի անոր հիման վրայ Կեդրոնական կոմիտէն յառաջիկային վերջնականապէս կարենայ բիւրեղացնել ՀՅԴ Արցախի կառոյցին ամբողջական տեսակէտը:
Դաւիթ Իշխանեան համառօտ կերպով անդրադարձած է Արցախի ներքաղաքական զարգացումներուն, օրակարգային, առաջնահերթ խնդիրներուն` տուեալ պարունակին մէջ կարեւոր նկատելով ՀՅԴ Արցախի կառոյցին քաղաքական դերակատարութիւնը:
Փորձագէտ Սուրէն Պարսեան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու ընթացակարգը եւ այդ հոլովոյթին մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած դերակատարութիւնը: