Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 11 փետրուարին ընդունած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին համաձայն, հանդիպման ընթացքին, որուն մասնակցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Պաշտպանութեան Բանակի
Հրամանատարական Կազմի Խորհրդակցութիւն
Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուորական փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 11 փետրուարին ներկայ եղած է պաշտպանութեան բանակի հրամանատարական կազմի խորհրդակցութեան:
Հեռահաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեսակապի շնորհիւ խորհրդակցութեան մէջ ներգրաւուած էր նաեւ բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան եւ բանակային զօրամիաւորումներու հրամանատարական կազմը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ենթակայ զօրամասերուն մէջ տեղի ունեցած ամփոփիչ ստուգումներու նախնական արդիւնքներուն, նոր ուսումնական փուլի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցումներով հանդէս եկած են համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչները: Ներկայացուած են սահմանագիծին եւ զօրքերու մնայուն տեղակայման վայրերուն մէջ զգօնութեան բարձրացման միտող նախաձեռնութիւնները, ուսումնական տարուան նախապատրաստական փուլի աշխատանքներուն առանցքային հարցերը, մարտական եւ զօրահաւաքային պատրաստականութեան, զօրքերու մարտական պատրաստութեան, զինուորական կարգապահութեան ամրապնդման եւ մարտական հերթապահութեան կազմակերպման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: