Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Պատուիրակութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին Մէջ

February 12, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

badvirag_021116

11 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Այս մասին տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ  ծառայութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը` Աշոտ Ղուլեան գոհունակութիւն  յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդիր մարմիններուն միջեւ համագործակցութեան ներկայի մակարդակին համար` բարձր գնահատելով Հայաստանի խորհրդարանի ղեկավարին ներդրումը այդ գործին մէջ: Աշոտ Ղուլեան  ընդգծած է Հայաստանի խորհրդարանի իրենց գործընկերներու շահագրգիռ վերաբերմունքը Արցախին առնչուող հարցերուն նկատմամբ եւ առաջարկած է համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Գալուստ Սահակեան կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական կապերու ամրապնդումը եւ նոր գործիքներու եւ ձեւաչափերու կիրարկման անհրաժեշտութիւնը:

Սահակեան անդրադարձած է նաեւ սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին,  մասնաւորապէս զինադադարի յաճախակի խախտումներուն:

Այնուհետեւ հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով` Ազգային ժողովի փոքր դահլիճին մէջ, որուն մասնակցած են միջխորհրդարանական յանձնախումբի անդամները եւ պատգամաւորներ:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու օրէնսդիրները քննարկած են օրէնսդրական աշխատանքներուն մէջ փորձի փոխանակման, շրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Մտքերու փոխանակութեան արդիւնքով կազմուած է հրատապ հարցերու ցանկ մը, որ  կը նախատեսուի ներառել Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն միջխորհրդարանական յանձնախումբի յառաջիկայ նիստի օրակարգին վրայ:

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Ֆրանսայի Մնայուն Ներկայացուցիչը Կը Յայտարարէ. «Մինսքի Խմբակը Կը Սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Կշռադատուած Եւ Խաղաղ Լուծման»

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Եւ Սէյրան Օհանեան Քննարկած Են Բանակաշինութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.