Սամուէլ Կարապետեան Իր Նուիրատուութեամբ
Կը Քաջալերէ Ծնելիութիւնը
Ռուսաստանաբնակ գործարար Սամուէլ Կարապետեան այսուհետեւ 5000 տոլար պիտի տրամադրէ Արցախի իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ ծնած չորրորդ երեխային համար: Դիմատետրի իր էջին մէջ այս մասին գրած է Արցախի Հանրապետութեան վարչապետի խօսնակ Արտակ Բեգլարեան: Այս մասին Արցախի կառավարութեան նիստին յայտարարած է նախագահ Բակօ Սահակեան: Իսկ հինգերորդ երեխային առիթով ալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն ու Արցախի կառավարութիւնը բնակարան պիտի տրամադրեն ընտանիքին:
«Էնպէս որ, գոնէ երրորդ երեխայից յետոյ արժէ վերաբնակուել Արցախում, սիրելի՛ ոչ արցախաբնակ ընկերներ», գրած է Արտակ Բեգլարեան:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը Կոչ Կ՛ուղղէ Սփիւռքին`
Աջակցելու Հայաստանի Մանուկներուն
ՄԱԿ-ի մանկական հիմնարկի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Թանիա Ռաթոչայն 3 փետրուարին ըսած է, որ հայկական սփիւռքի եւ աշխատանքի մեկնած հայ գաղթականներուն ներգրաւմամբ կարելի է Հայաստանի մէջ լուծել երեխաներու բարեկեցիկ ապագայի խնդիրը: Ան այս մատնանշումը կատարած է «Սփիւռքի ներգրաւման նորարարական ռազմավարութիւնը եւ մօտեցումները` երեխաներին առնչուող բարեփոխումների ոլորտում» նիւթով համաժողովին ընթացքին:
«ՄԱԿ-ի մանկական հիմնարկը կը հաւատայ, որ երեխաներուն համար բարեկեցիկ կեանքի ապահովումը լաւագոյն ներդրումն է երկրի, ինչպէս նաեւ ազգի ներուժը զարգացնելու առումով: Եթէ երկրի զարգացումը չ՛ապահովեր երեխաներուն մասնակցութիւնը, եթէ երեխաներէն շատեր կ՛ապրին աղքատութեան նշաձողէն ցած մակարդակի վրայ, ապա ատիկա պիտի շարունակէ մնալ ընկերային անկայունութեան աղբիւր», ըսած է ան:
Անոր համաձայն, թէեւ սփիւռքն ու աշխատանքի մեկնած հայ գաղթականները ունին իրենց հրատապ առաջնահերթութիւնները եւ անկախօրէն կ՛որոշեն, թէ ինչպէ՛ս եւ ո՛ւր ներդրում պիտի ընեն, բայց եւ այնպէս անոնք կրնան համախմբուիլ հայ երեխաներու բարեկեցութեան գաղափարին շուրջ:
«Թէեւ արտերկրի մէջ աշխատողներուն դրամական փոխանցումները մեծապէս կ՛օգնեն իրենց աղքատ ընտանիքներուն, այնուամենայնիւ, աւելի շատ բան կարելի է ընել` նման ընտանիքներու երկար ժամանակի վրայ օգնելու եւ անոնց երեխաներուն համար աւելի լաւ ապագայ ապահովելու տեսանկիւնէ: Միայն այդ պարագային ներկայիս արտերկրի մէջ աշխատողներուն յաջորդ սերունդը կարիք չ՛ունենար մեկնելու արտասահման եւ աշխատելու ցած աշխատավարձով», յայտնած է Թանիա Ռաթոչայն:
ՄԱԿ-ի մանկական հիմնարկի հայաստանեան գրասենեակը ԵՄ ֆինանսաւորմամբ իրականացուցած է «Ընկերային արձագանգ աշխատանքային գաղթողներ» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ Հայաստան հրաւիրած են միջազգային փորձագէտներ, որոնք պիտի օգնեն Հայաստանին` ուսումնասիրելու սփիւռք ունեցող այլ երկիրներու փորձառութիւնը:
Հրանուշ Յակոբեան Կարեւոր Կը Նկատէ
Սփիւռքահայութեան Ներդրումները
«Սփիւռքը պէտք է տեսնի, որ հայրենիքն իրենից ոչ միայն բարեգործութիւն է ակնկալում, այլեւ` ներդրումներ», յայտարարած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, սփիւռքի նախարարութեան եւ «Առաքելութիւն Արեւելք» կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովին ընթացքին:
«Մենք Հայաստանը հռչակեցինք համայն հայութեան հայրենիք ու սրանով նաեւ սփիւռքին ազդակ ուղարկեցինք, որ Հայաստանի զարգացման, առաջընթացի համար անհրաժեշտ են նաեւ սփիւռքի կապերը, հնարաւորութիւնները, ֆինանսները, մօտեցումները, ծրագրերը, ներդրումները: Սփիւռքահայը պէտք է գայ հայրենիք ու եկամուտ ստանայ: Եթէ սփիւռքահայը եկամուտ ստանայ, հայրենիքն էլ եկամուտ կը ստանայ, որովհետեւ նա աշխատատեղեր կը ստեղծի, կը կրճատուի գործազուրկների, աղքատների թիւը», դիտել տուած է ան:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին սփիւռքի նախարարը նշած է, որ Հայաստանի մէջ կայ 16-17 հազար սփիւռքահայ, որոնք արդէն կայացած գործառնութիւններ ունին հայրենիքի մէջ. «Մենք օգնում ենք փոքր եւ միջին պիզնեսի կայացմանը, արդէն իսկ 1.5 միլիոն տոլար վարկ է յատկացուել` 4 տոկոսով: Յուրախութիւն մեզ` մեր հայրենակիցները կարողանում են հաստատուել մի շարք ոլորտներում եւ յատկապէս` սպասարկման ու սննդարդիւնաբերութեան ոլորտներում», դիտել տուած է նախարարը:
Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար Փէոթր Սուիտալսքի իր խօսքին մէջ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանին` աշխատանքի համար արտերկիր մեկնողներուն թիւը նուազեցնելու: «Անոնք, որոնք արտասահման կը գտնուին, շատ աւելի մեծ օգուտ կրնան ունենալ, եթէ մնան իրենց երկրին մէջ: Մենք կ՛ուզենք օգնել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ հայերը չհեռանան Հայաստանէն, իրենց ապագան կապեն իրենց երկրին: Այս հողը չափազանց գեղեցիկ է: Այդ պատճառով ալ պէտք չէ թոյլ տալ երիտասարդ տաղանդներուն` իրենց ապագան հոսկէ դուրս` այլ երկիրներու մէջ փնտռելու», յայտնած է Սուիտալսքի: