Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուց Փտածութեան Դէմ Պայքարող Խորհուրդի Աշխատանքները

February 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Arpine-Hovhanissian_020316

Հայաստանի կառավարութեան առընթեր գործող փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդը իր գործունէութեան մէկ տարուան ընթացքին քննարկման առարկայ դարձուցած է բաւական լուրջ հարցեր, որոնք օրէնքի նախագիծերու ձեւով պիտի ներկայացուին Ազգային ժողովի քննարկման:

Ազգային ժողովի նիստին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը` պատասխանելով այս առնչութեամբ անկախ պատգամաւոր Էդմոն Մարուքեանի հարցումին:

Ան դիտել տուած է, որ խորհուրդը նոր մշակած է իր գործունէութեան ռազմավարութիւնը, որ նախատեսուած է 2015-2018 տարեշրջաններուն համար: «Այս պահուն մենք բաւականին լուրջ քայլեր իրականացուցած ենք, որոնցմէ մէկուն մասին կ՛ուզեմ մանրամասն խօսիլ: Մասնաւորապէս, լրագրողներու կողմէ յաճախ բարձրացուած է այն հարցը, թէ որոշ պաշտօնեաներ իրենց պաշտօնական յայտարարագիրներուն մէջ կը հրապարակեն կեղծ տուեալներ, կը թաքցնեն որոշ բաներ: Մենք այս հարցը լուծելու համար մշակած եւ կառավարութեան ներկայացուցած ենք օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որուն միջոցով նման դէպքերու համար սահմանած ենք վարչական պատասխանատուութիւն: Սակայն հիմա մենք կը քննարկենք նաեւ քրէական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու հարցը, որովհետեւ հաւանական է, որ նման դէպքերու պարագային յառաջանայ նաեւ քրէաիրաւական պատասխանատուութեան անհրաժեշտութիւն», նշած է նախարարը:

Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ իրենք ազնիւ են իրենց նպատակներուն մէջ` պատգամաւորներուն կոչ ուղղելով խորհուրդին նկատմամբ հասարակութեան մէջ անվստահութիւն չսերմանելու: Պատգամաւորը իր հարցումին մէջ նշած է, որ խորհուրդը «Եու. Էս. Էյտ»-էն 750 հազար տոլար գումար ստացած է, սակայն որեւէ էական քայլ չէ առած փտածութեան դէմ պայքարելու: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին հետ խօսելով` Արփինէ Յովհաննիսեան ըսած է, որ կառավարութիւնը  տակաւին այդ գումարը չէ ստացած: Ըստ անոր, այդ գումարները պիտի տրամադրուին անկախ փորձագէտներու ներգրաւման:

 

 

Նախորդը

Մամետեարով. «Մենք Դժգոհ Ենք Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Աշխատանքէն»

Յաջորդը

Անճէյ Քասփրչիք Արցախի Մէջ Տեսակցութիւններ Ունեցած Է Նախագահին Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Պայքարը Շարունակելու Ենք  Մինչեւ Յաղթանակ»
Գլխաւոր լուրեր

Հակառակ Քաղաքական Ճնշումներուն` Դաշնակցութիւնը Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Զգալի Թիւով Քուէներ Ապահոված Է

October 28, 2026
Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի  Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան  Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը
Հայկական

Միրզոյեան Չի Բացառեր ԹՐԻՓՓ-ի Գործարկումը` Նախքան Խաղաղութեան Պայմանագիրին Ստորագրութիւնը

October 28, 2026
Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ  Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»
Հայկական

Ալիեւ. «Մենք Հարաւային Կովկասի Մէջ Բոլորովին Նոր Իրավիճակ Ստեղծած Ենք»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.