Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամետեարով. «Մենք Դժգոհ Ենք Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Աշխատանքէն»

Փետրուար 4, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլմար Մամետեարով
Էլմար Մամետեարով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքու բացայայտ դժգոհութիւն յայտնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքէն` այդ մասին բողոքի նամակներ յղելով համանախագահող երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն:

«Մենք դժգոհ ենք Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքէն», յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով` «ծիծաղայարոյց» որակելով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ միակ լիազօրութիւնը Մինսքի խմբակին պատկանելու եւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցութիւններուն վնասող քայլերու կատարումէն զերծ մնալու մասին համանախագահներուն ԵԽԽՎ-ին ուղարկած նամակը:

Ան ըսած է, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ստեղծման օրէն համանախագահները չեն կրցած որեւէ տեղաշարժի հասնիլ ղարաբաղեան տագնապի լուծման գործին մէջ:

«Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի: Մենք կը պահանջենք, որ Մինսքի խմբակը իր գործունէութիւնը կառուցէ ճիշդ այդ ուղղութեամբ: Ազրպէյճանական հողերը բռնագրաւուած են: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի երեք մնայուն անդամներ կը ղեկավարեն Մինսքի խմբակը, սակայն, հակառակ ատոր, որեւէ տեղաշարժ չէ արձանագրուած: Սթրազպուրկ ուղարկուած համանախագահներու նամակը միայն ծիծաղ կը յառաջացնէ: Ես համանախագահներու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններ ուղարկած եմ նամակներ, որոնց մէջ նշած եմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հետ կապուած որեւէ հարցի արդիականացումը մեր անձնական գործն է: Ոչ ոք կրնայ ատոր միջամտել: Անոնք չեն կրնար ճնշում գործադրել եւրոպացի խորհրդարանականներու վրայ: Ատիկա անտրամաբանական էր», ըսած է ան` անդրադառնալով ԵԽԽՎ-ի մէջ հակահայկական երկու բանաձեւերու նախագիծերու քննարկման նախաշեմին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հրապարակած յայտարարութեան:

Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած է համանախագահներու հետ հաւանական հանդիպումներու վերաբերեալ նորութիւններու բացակայութեան մասին:

«Այն բանէն ետք, երբ անոնք նամակ ուղարկած են Սթրազպուրկ, չեմ կարծեր, թէ հանդիպումը կարելի է», ըսած է ան:

Ազրպէյճան Իր Կարելին Կ՛ընէ Թուրքիոյ
Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Յարաբերութիւնները
Վերականգնելու Համար

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով մտահոգութիւն յայտնեց ռուս-թրքական յարաբերութիւններու լարուածութեան նկատմամբ` նշելով. «Ազրպէյճան իր կարելին կ՛ընէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները վերականգնելու համար»:

Մամետեարով յայտնեց. «Իմ ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի եւ թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ քննարկեցի ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն հարցը` Թուրքիոյ կողմէ ռուսական պատերազմական օդանաւի վար առնուելուն լոյսին տակ, աշխատանք կը տանինք այդ հարցը ձգելու անցեալին մէջ ու վնաս չպատճառելու Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ այլ պետութիւններու»:

Ան նշեց. «Թուրքիան Ազրպէյճանի ռազմավարական գործընկեր մըն է, նոյնպէս եւ Ռուսիան: Երկու երկիրներն ալ մեզի համար առեւտրական կարեւոր գործընկերներ են»:

Մամետեարով ըսաւ, որ իր երկիրը կ՛ուզէ եւրոպական երկիրներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները զարգացնել` նշելով, որ Ազրպէյճան Եւրոպական Միութեան ներկայացուցած է գործընկերութեան համաձայնութեան սղագիր մը եւ կը սպասէ միութեան պատասխանին:

 

Նախորդը

Ընթերցողներու Ուշադրութեան

Յաջորդը

Արփինէ Յովհաննիսեան Ներկայացուց Փտածութեան Դէմ Պայքարող Խորհուրդի Աշխատանքները

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան  Յայտարարութիւն
Հայկական

Ազգային Ժողովի «Հայաստան» Խմբակցութեան Յայտարարութիւն

Հոկտեմբեր 21, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?