
«Պի.Պի.Սի.»` մէջբերելով Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ Վրաստանի սահմանապահ ծառայութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու զինուորական սպառնալիքներու կրճատման գործակալութիւնը կնքած են համաձայնագիր սահմանները ամրապնդելու համար Վրաստանին 10 միլիոն տոլար յատկացնելու մասին:
Կը հաղորդուի, որ նախ եւ առաջ պիտի ամրապնդուի հայ-վրացական սահմանը:
«Մինչեւ մարտ 2017 հայ-վրացական սահմանի վրացական հատուածը ամբողջութեամբ պիտի համալրուի վերահսկողութեան համակարգերով եւ թեքնիք միջոցներով», կը նշուի Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նախատեսուի նաեւ ամրապնդումը «Քասումլու» եւ «Քետա» սահմանային հատուածներուն, որոնք կը գտնուին վրաց-թրքական սահմանին վրայ:
Նախապէս, Թուրքիոյ հասցէին մեղադրանք հնչած էր, որ իր սահմանէն հիւսիս կը ներթափանցեն ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները:


