Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Փետրուար 3, 2016
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Ծառերու Յիշողութիւն» Ցուցադրութիւնը`
Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Երկար Եւ
Մանրակրկիտ Պրպտումներու Արդիւնք Է

Memory-of-trees_020316

Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ 30 յունուարին բացումը կատարուեցաւ ամերիկացի լուսանկարիչ Քեթրին Քուքի «Ծառերու յիշողութիւն» լուսանկարչական ցուցադրութեան: Ան 2006 թուականէն ի վեր իր ծրագիրները կեդրոնացուցած է ցեղասպանութիւն կատարած պետութիւններու վրայ` Թուրքիա, Մերձաւոր Արեւելք, Ռուանտա: «Ծառերու յիշողութիւն» նախագիծը Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկար եւ մանրակրկիտ պրպտումներու արդիւնք է:

Ցուցահանդէսի համադրող  Նայիրի Խաչատուրեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ լուսանկարչուհին 2006 թուականին տեղափոխուած է Պոլիս, ուր սկսած է աշխատիլ Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկարատեւ ծրագրի մը վրայ. «Այս տարիներուն ընթացքին գտնուած է տարբեր երկիրներու մէջ`  Թուրքիա, Սուրիա, Լիբանան, Հայաստան, Իսրայէլ, Ֆրանսա, լուսանկարած է Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսները`  անշունչ եւ շնչաւոր, խօսեցուցած է անխօս վկայ դարձած տեղանքն ու վերապրածները, որպէսզի ամբողջութեամբ ըմբռնէ այսօրուան քար լռութեան եւ անհաղորդ անտարբերութեան չափը»:

«Քեթրին Քուքը իր նախագիծին հիմնաքարը գտած է Թուրքիոյ Աղաչլը գիւղին մէջ: Աղաչլը թրքերէն բառ է, կը նշանակէ` «ծառերու վայր», որմէ ծագած է ցուցահանդէսին անուանումը: Մինչեւ 1915 թուականը այնտեղ հայեր բնակած են: Այժմ այդտեղի քիւրտ բնակիչները վերականգնած են հայերու մետաքսագործական աւանդոյթը` նոյնութեամբ մշակելով եւ օգտագործելով տեղի թթենիներուն շերամը: Քեթրին Քուքի ցուցադրած մետաքսի բոժոժներու լուսանկարները ներկայացած են իբրեւ բանաստեղծական պատկերներ` խորհրդանշելով ժառանգականութիւնն ու վերածնունդը», նշած է համադրողը:

Հաղորդենք, որ ցուցահանդէսին ներկայացուած է 30 աշխատանք:

«Լուսանկարները աւելին են, քան` վաւերագրական պատկերները, որոնք հոգեւոր ճամբորդութիւններ են, ինչպէս նաեւ` ներհայեցական որոնումներ: Կատարուած աշխատանքը ակնառու կերպով ցոյց կու տայ լուսանկարչական արուեստի կարեւորութիւնը եւ անփոխարինելիութիւնը` մարդկութեան յիշողութիւնը պահպանելու եւ զայն ուսումնասիրելու գործին մէջ», բնորոշած է Նայիրի Խաչատուրեանը:

Տեղեկացնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի ներկայացուի մինչեւ ապրիլ 29-ը:

«Համահայկական Մրցանակաբաշխութիւն 2016-ը»
Իրականացաւ «Համազգային Միասնութիւնը`
Հաւաքական Ուժի Եւ Հզօրութեան Գրաւական» Խորագրով

ayl-1_240218661

Յունուար 30-ին տեղի ունեցաւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 2016 թուականի գիտական եւ ստեղծագործական աշխատանքներու համահայկական հերթական միացեալ մրցանակաբաշխութեան իրականացման նուիրուած խորհրդակցութիւն:

Խորհրդակցութեան մասնակցած էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի, Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանը, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի, ստեղծագործական միութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:

Խորհրդակցութեան մասնակիցները քննարկեցին մրցանակաբաշխութեան բովանդակութեան, պայմաններուն, ուղղութիւններուն, անուանակարգերուն վերաբերող կազմակերպչական հարցերը: Ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ «Համահայկական մրցանակաբաշխութիւն 2016-ը» իրականացնել «Համազգային միասնութիւնը` հաւաքական ուժի եւ հզօրութեան գրաւական» խորագրով` նուիրուած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25-ամեակին:

Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի եւ Ռուսիոյ հայերու միութեան համագործակցութեան շրջանակներու ծիրին մէջ իրականացուող այլ ծրագիրներու ընթացքին վերաբերող հարցեր:

«Փտածութեան Ընկալման Ցանկ»-ին Մէջ
Հայաստան 95-րդ Դիրքը Գրաւած Է

Յունուար 27-ին «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը հրապարակած է իր կազմած «Փտածութեան ընկալման ցանկ»-ը (Corruption Perceptions Index), որուն մէջ 168 երկիրներու կարգին Հայաստան 95-րդ դիրքը գրաւած է:

«Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարող կեդրոնի ղեկավար Վարուժան Հոկտանեանի համաձայն,  2013-էն սկսեալ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ յառաջընթաց, եւ ոչ ալ նահանջ արձանագրուած է: Նախկին խորհրդային երկիրներու պարագային աւելի լաւ տուեալներ ունին` Էսթոնիան, Լաթվիան, Լիթվիան եւ Վրաստանը: Եթէ բաղդատութիւն կատարենք մեր դրացիներուն հետ, կրնանք ըսել, որ Թուրքիան աւելի լաւ վիճակի մէջ է, իսկ Ազրպէյճանն ու Իրանը` աւելի վատ:

Ան նշած է, որ 2015-ին Հայաստան 100 միաւորէն ստացած է 35 միաւոր, եւ 95-րդ հորիզոնականը կը բաժնէ Մալիի, Մեքսիքայի եւ Ֆիլիփփինի հետ:

Ցանկը կը գլխաւորէ Դանիան: «Մաքուր» երկիրներու շարքին են նաեւ` Նորվեկիան, Նոր Զելանտան եւ Հոլանտան:

Ցանկին վերջին դիրքերը կը գրաւեն` Սոմալին, Հարաւային Սուտանը եւ Անկոլան:

Հայաստան Դարձած Է
Eurimages
Հիմնադրամի Անդամ

Վերջերս Հայաստան դարձաւ Եւրոպայի խորհուրդի ժապաւէնի արտադրութեան աջակցող Eurimages հիմնադրամի անդամ: Այս մասին «Մետիամաքս»-ին հաղորդած են Եւրոպայի խորհուրդի լրատուական ծառայութենէն:

1988-ին ստեղծուած Eurimages  հիմնադրամի նպատակն է աջակցիլ Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկիրներու միջեւ միացեալ ժապաւէնի արտադրութեան եւ ցուցադրութեան:

Կ՛ակնկալուի նաեւ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը այս հիմնադրամին  պիտի նպաստէ շարժանկարի արտադրութեան ոլորտին մէջ հայ եւ եւրոպացի շարժանկարի գործիչներու եւ արտադրողներու փորձի փոխանակման, ինչպէս նաեւ` միացեալ ժապաւէնի արտադրութեան իրականացման:

Հրապարակուած Է Հայաստանի Համալսարաններու
Վարկանիշային Աղիւսակը

Հայաստանի բարձրագոյն մասնագիտական կրթութեան համակարգի թափանցիկութեան ապահովման նպատակով 2013 թուականէն սկսած է բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման գործընթացը, որուն հերթական արդիւնքները այսօր հրապարակելով` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան յայտարարած է, որ միասնական վարկանիշով առաջին տեղը կը գրաւէ Երեւանի պետական համալսարանը, 2-րդը`  Հայ-ռուսական սլաւոնական համալսարանը, 3-րդը` Երեւանի պետական բժշկական համալսարանը:

«4-րդը Ամերիկեան համալսարանն է, 5-րդը` Հայաստանի ազգային ճարտարագիտական համալսարանը, 6-րդը` Հայաստանի ֆրանսական համալսարանը, 7-րդը` Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան Հայաստանի ազգային համալսարանը, 8-րդը` Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանը, 9-րդը` Վ. Բրիւսովի անուան պետական լեզուահասարակագիտական համալսարանը, 10-րդը` Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը», յայտարարած է Արմէն Աշոտեան:

Վերջինիս խօսքով, Երեւանի պետական համալսարանը նախորդ տարի եւս առաջատարը եղած է, բազմաթիւ ցուցանիշներով ունի դրական միտումներ:

Նշենք, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու վարկանիշաւորման համար ուսումնական հաստատութիւնները խմբաւորուած են ըստ համալսարաններուն մէջ առկայ կրթական ծրագիրներու եւ մասնագիտական ոլորտներու, ինչպէս նաեւ առանձնացուած են արուեստի համալսարանները:

Հայաստանցի 107 Գիտնական Դրամաշնորհ
Պիտի Ստանայ Հայ Օգնութեան Ֆոնտէն

f55c5c30927cdc_55c5c309280c1

27 յունուարին 32 խումբերու մաս կազմող հայաստանցի 107 գիտնականներ դրամաշնորհներ ստացան Հայ օգնութեան ֆոնտէն` կենսաբանութեան, բնագիտութեան, քիմագիտութեան, կենսագիտութեան, աստղագիտութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ գիտական հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:

Ըստ Հայ օգնութեան ֆոնտէն փոխանցուած տեղեկութիւններուն, մրցումը կը կազմակերպուի  2001 թուականէն. այս տարի ներկայացուած 244 գիտական դիմումներէն ԳԿՀԱՀ հետազօտական խորհուրդը յաղթող նկատած է 32-ը: Գիտական խումբերու ղեկավարներէն 18-էն մինչեւ 35 տարեկան երիտասարդներ են, 13-ը` կիներ: Անոնք կ՛ընտրուին Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող փորձագիտական յանձնախումբին կողմէ: Դրամաշնորհին գումարը կը կազմէ 5000 տոլարի համարժէք դրամ:

Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի նախագահին հովանիին տակ իրականացուող երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագրի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի համագործակցութեան շնորհիւ այս տարի 5 դրամաշնորհ տրամադրուած է երիտասարդ գիտնականներու ղեկավարութեամբ գործող հետազօտական խումբերուն: Այսպիսով, 2013-ին ընթացք առած համագործակցութեան շնորհիւ տրամադրուող դրամաշնորհներուն թիւը դարձած է 12:

Այս տարի դրամաշնորհներէն 15-ը տրամադրուած է կեանքի մասին գիտութիւններուն, 7-ը` բնագիտութեան, 3-ը` աստղաբանութեան, 1-ը` քիմագիտութեան, 1-ը` կենսամեքանիկայի, 1-ը` երկրի մասին գիտութեան, 1-ը` գրականութեան, 1-ը` պատմութեան, 1-ը` հնագիտութեան, 1-ը` տնտեսագիտութեան ոլորտներուն մէջ հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:

Նախորդ 16 տարիներուն ԳԿՀԱՀ հետազօտական խորհուրդին ներկայացուած են մօտաւորապէս 2000 դիմում-առաջարկներ: Դրամաշնորհներ ստացած են 404 գիտական խումբեր, որոնց մաս կազմած են 1545 գիտնականեր: Ծրագիրի դրամաշնորհային ընդհանուր գումարը կազմած է 2 միլիոն 20 հազար տոլար:

«Արի Տուն» Ծրագրով Հայաստան Պիտի Այցելեն
1100
Սփիւռքահայ Երիտասարդներ

SM_Ari_tun2_020316

Հայ մշակոյթի եւ մշակութային ինքնութեան պահպանման եւ զարգացման, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապերու ամրապնդման աջակցման նպատակով այս տարի տեղի պիտի ունենայ  «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը: Ձեռնարկներուն ծրագիրը հաստատուեցաւ յունուար 29-ի կառավարութեան նիստի ընթացքին: Նախորդ փառատօնը իրականացուած էր 2012 թուականին:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորուի Հայաստանի 2016 թուականի պետական պիւտճէի «Մշակութային միջոցառումներու իրականացում» ծրագրի ծիրին մէջ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեամբ չարգիլուած այլ միջոցներու հաշուոյն:

Մէկ այլ նախագիծով ալ հաստատուեցաւ սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2016 թուականի ծրագիրն ու ձեռնարկներուն ցանկը: «2015 թուականին «Արի տուն» ծրագրին 8 հանգրուանով մասնակցած են մօտաւորապէս 1103 սփիւռքահայ երիտասարդներ` աշխարհի 40 երկիրներէ», ըսած է Հրանուշ Յակոբեան:

2016 թուականին կ՛ակնկալուի մինչեւ 1100 սփիւռքահայ երիտասարդի այցելութիւն Հայաստան: Անոնք նախ պիտի հիւրընկալուին հայաստանեան ընտանիքներու մէջ, ապա իրենց հասակակիցներուն հետ պիտի մասնակցին «Արի տուն» ճամբարին: Ծրագրի իրականացման աշխատանքները համակարգելու եւ պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով պիտի ստեղծուի ծրագրի իրականացման միջգերատեսչական համակարգող յանձնախումբ եւ աշխատանքային խումբ: Ծրագրի իրականացման կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ կ՛ակնկալուի գործընկեր հասարակական երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ երիտասարդ կամաւորներու ներգրաւում:

5 Փետրուարին Մասիս Առաքելեան
Պիտի Ներկայացնէ Հայկական Դասական Երգեր

masis_020316

Պերլինաբնակ երգիչ, երգահան Մասիս Առաքելեան «Կռունկ» խորագիրը կրող երկու ելոյթով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի մէջ` փետրուար 5-ին «Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ, փետրուար 9-ին` Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ:

Թենոր Մասիս Առաքելեան իր ուրոյն մշակմամբ ունկնդիրին պիտի ներկայացնէ հայկական դասական երգեր` անցեալ երեք հարիւր տարիներէն: Անոր հետ ելոյթ պիտի ունենայ դաշնակահար Արմէն Աղաջանեանը:

Նշենք, որ նախկին իրանահայ Մասիս Առաքելեանը իր առաջին մրցանակին արժանացած է 13 տարեկանին: Օփերային երգեցողութիւն եւ երաժշտութիւն ուսանած է Պերլինի մէջ, ուր հիմնադրած եւ ղեկավարած է հայկական համայնքի երգչախումբը:

2013 թուականին երիտասարդ երգահանը հրապարակած է «Կռունկ» ձայնապնակը, որուն մէջ զետեղուած են Կոմիտասի, յայտնի այլ երգահաններու, ինչպէս նաեւ իր սեփական ստեղծագործութիւններն ու փոխադրումները:

Viva-cell-logo2

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հակահայ Իրերայաջորդ Արարքներ Եւ Սպանութիւններ

Յաջորդը

Դաշնակցական Երիտասարդը Մարտնչող Է

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?