ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այս օրերուն յաւելեալ աշխատանք ունիք կատարելիք: Պայմանները քաջալերական չեն, բայց պիտի ստիպուիք աշխատելու առանց ախորժակի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ամիսը շատ լաւ է շահաբեր աշխատանք մը ունենալու համար: Անհոգ պիտի ըլլաք եւ պիտի կարենաք քանի մը բարեկամներով ճամբորդել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Աշխատանքի նոր յաջողութիւն մը, նոր ծանօթացում մը, կամ կարելիութիւնը պիտի ունենաք ձեռնարկելու հետաքրքրական նոր աշխատանք մը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մէկը պիտի խաչաձեւէ ձեր ճամբան, որ պիտի մտահոգէ ձեզ: Այս հարցը ձեր մտածումները պիտի բազմացնէ, բայց ի վերջոյ պիտի կարենաք լուծում մը գտնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Աշխատանքի մէջ պիտի գտնէք գնահատելի օգնական մը: Ընտանեկան կեանքը հաճելի պիտի ըլլայ, իսկ ձեր սրտին վերաբերեալ հարց մը դրական ընթացք պիտի ունենայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ընկերային յարաբերութիւնները բազմաթիւ պիտի ըլլան: Պիտի ստանաք գործի առաջարկ, պիտի մտածէք ընդունելու մասին, բայց նոյն ատեն պիտի ստիպեն, որ ընդունիք առաջարկը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Համբերութեան պակաս, տեսակէտի տարբերութիւն պիտի ունենաք, կամ պիտի միջամտէք անձի մը գործին վերաբերեալ հարցի մը, եւ ձեր առաջարկը սիրով պիտի ընդունուի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր բախտը այսօր հետաքրքրական չէ: Ձեզմէ պիտի պահանջուի շատ աշխատանք: Պիտի ստիպուիք կատարելու, որքան ալ յոգնիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր սրտին վերաբերեալ հարցերը պիտի ընթանան ըստ ձեր փափաքին: Ցուլ աստղ ունեցող անձի մը հետ կապ պիտի ունենաք եւ միասնաբար նոր որոշում մը պիտի տաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Թեթեւ դժգոհութիւններ կամ անհամաձայնութիւններ կրնան ստեղծուիլ ձեր գործին կամ առօրեայ կեանքին մէջ: Ճկունութեամբ բանակցեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքի եւ անձնական կեանքի վերաբերեալ հարցերը պիտի չկարենաք շուտով լուծել: Այս պարագային մտածեցէք ձեր ապագային մասին` առանց մտահոգուելու:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ կը մտածէք ընկերովի գործ կատարել, վստահութիւն ունեցէք այդ անձին վրայ: Պիտի կարենաք միասնաբար դրական արդիւնքի մը հասնիլ: