Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կիրօ Մանոյեան. «Միջազգային Համայնքը Պէտք Է Աւելի Կտրուկ Ըլլայ Ազրպէյճանի Նկատմամբ»

Յունուար 26, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Giro_012516

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, ըսած է, որ հայկական կողմը պէտք է անընդհատ ցոյց տայ, որ Ազրպէյճանն է այսօրուան վիճակին պատասխանատուն, միաժամանակ պահանջէ միջազգային ընտանիքէն` աւելի կտրուկ ըլլալ Ազրպէյճանի նկատմամբ:

«Այսօր Ազրպէյճանի  զինուորական, ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական նշանակութիւնը աւելի արժեզրկուած է: Ազրպէյճան ինքզինք կ՛օգնէ վարկաբեկուելու, մանաւանդ` ներքին ժողովրդավարութեան եւ այլ հարցերով, կը մնայ մենք ալ Ղարաբաղի հարցով աւելի աշխուժ ըլլանք եւ այլընտրանքներ ներկայացնենք միջազգային հանրութեան», ըսած է ան:

Ան նկատել տուած է, որ կարելի է ըսել, թէ որոշ չափով փոխուած է Մինսքի համանախագահող պետութիւններուն կեցուածքը եւ իրենց վերջին յայտարարութիւններուն մէջ կան Ազրպէյճանի վերաբերող որոշ ակնարկներ: «Պէտք է հասկնանք, որ Մինսքի համանախագահողները դատաւորներ չեն, այլ միջնորդներ են, այդ պատճառով պէտք է, որ կարենան բոլորին հետ խօսիլ: Անոնք զգուշ են, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ պէտք է շարունակեն այն կեցուածքը, որ կրնայ խրախուսել Ազրպէյճանը` շարունակելու  այս վարքագիծը: Միջազգային համայնքը` յանձինս Մինսքի խմբակի համանախագահող պետութիւններուն, պէտք է, որ Ազրպէյճանին հասկցնէ, որ նաեւ այլ լուծումներ կան», նշած է Մանոյեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ, ըստ իրեն, ինքնին միջազգային հանրութեան, յատկապէս Մինսքի խմբակի համանախագահ պետութիւններու ոչ համարժէք արձագանգին պատճառո՞վ է, որ Ազրպէյճանը ե՛ւ բանակցային հոլովոյթին, ե՛ւ սահմանին վրայ նման վարքագիծ կը դրսեւորէ` Կիրօ Մանոյեան ըսած է. «Ըսել, թէ պատճառն է, կը կարծեմ, որ շատ մեղադրած կ՛ըլլանք, սակայն այն, որ իրենք ունին իրենց մեղքի բաժինը, մեղսակից են, ատիկա կը կարծեմ` փաստ է, որ իրենց պահուածքով կը խրախուսեն Ազրպէյճանին շարունակելու նոյն անլուրջ եւ խափանարար գործելաոճը»:

Կիրօ Մանոյեան անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի կողմէ կատարուած այն յայտարարութեան , թէ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումը ձեւական բնոյթ կը կրէ: «Ատիկա անպատկառութիւն է, կը նշանակէ, որ ան լուրջ չի վերաբերիր այս հարցին նկատմամբ: Այդ պատճառով ալ անհրաժեշտ է, որ միջազգային համայնքը հասկցնէ Ալիեւին, որ կարելի չէ այսքան կամայական ըլլալ եւ եթէ այս պահուածքը երկար պիտի շարունակուի, ապա միջազգային համայնքը պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը», ըսած է ան եւ հիմք ընդունելով Ալիեւի այդ յայտարարութիւնը` աւելցուցած է, որ յառաջընթացի յոյս չի տեսներ: «Եթէ որեւէ յոյսի նշոյլ ոեւէ մէկուն մօտ կար, կը կարծեմ, որ արդէն պէտք է հիասթափուի», աւելցուցած է Կիրօ Մանոյեան:

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Ներկայացուցիչներու Համահայկական Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ ՀՅԴ Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Միութիւններու Բողոքի Ցոյց

RelatedPosts

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Ապու Տապիի Մէջ Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում

Յուլիս 10, 2025
ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ  Քննարկած Են Շրջանային  Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Մոսկուայի Մէջ Քննարկած Են Շրջանային Անվտանգութեան Առնչուող Հարցեր

Յուլիս 10, 2025
Ռուպիօ. «Յոյսով Եմ, Որ Մօտիկ Ապագային  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան  Համաձայնագիր Պիտի Կնքուի»
Հայկական

Ռուպիօ. «Յոյսով Եմ, Որ Մօտիկ Ապագային Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Պիտի Կնքուի»

Յուլիս 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?