Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՓԱԽՈՒՍՏ ՏԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵՆԷՆ» Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ԺՈՄՊԼԱԹ

September 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու է եւ կը շարունակէ յանձնառու մնալ միջազգային բանաձեւերուն`  աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չի կրնար փախուստ տալ երկրին յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու իր յանձնառութենէն:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Միջազգային դատական ատեանին հետ տարակարծութեան մէջ գտնուող Հըզպալլա եւ անոր ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա իրենց կարգին ներկայացուցած են կարեւոր տեղեկութիւններ եւ փաստեր, որոնք լիբանանեան ընդհանուր դատախազութեան ճամբով փոխանցուած են այդ ատեանին:

«Հետեւաբար իրականութիւնը այն է, որ կայ Միջազգային դատական ատեան մը եւ կան անոր տարակարծիք փաստեր, ուրեմն օգտակար պիտի ըլլայ այդ ատեանին ֆինանսաւորումը, որպէսզի շարունակուին փոխադարձ քննարկումները», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրին` Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը հաստատեց, որ այդ թղթածրարին վերաբերող տարակարծութիւնը զուտ թեքնիք է եւ ոչ քաղաքական:

Ան կոչ ուղղեց սպասելու կառավարութեան 7 սեպտեմբերի նիստին, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ այդ տարակարծութեան:

Ակնարկելով համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը մշակելու հաւանականութեան` Ժոմպլաթ շեշտեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ համամասնական դրութիւնը:

Նախորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱ

Յաջորդը

«Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻՆՔ ԴԷՊԻ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆՈՒՄ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.