Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱ

September 5, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա:

Նախքան իր մեկնումը, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ռայի պատրիարքը կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց մէջ շեշտեց, որ Ֆրանսայի եւ մարոնի համայնքին միջեւ պատմական յարաբերութիւնները միայն մարոնի համայնքին չեն վերաբերիր, այլեւ` ամբողջ Լիբանանին:

Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Ֆրանսա մնայուն կերպով պահպանած է Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցական դերակատարութիւնը` աւելցնելով, որ ամբողջ աշխարհը կ՛ապրի երկխօսութեան, արդիականութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմքերով:

Իր խօսքին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ լիբանանցիներուն համար օրական պահանջի վերածուած է երկրին գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ոտնձգութիւններուն կասեցումը. ան ընդգծեց նաեւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւերուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով լիբանանեան բանակին` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ բանակը Լիբանանի ողնաշարն է, ինչպէս  նաեւ երկրին փառքն ու պարծանքը:

«Բանակը կայ ու կը պայքարի, իսկ մենք անոր կը զօրակցինք: Իսկ եթէ բանակը իր արժանապատուութիւնը կորսնցնէ, ապա մենք ալ մեր փառքն ու արժանապատուութիւնը կը կորսնցնենք», ըսաւ Ռայի:

Այս ծիրին մէջ Ռայի պատրիարքը մերժեց պատասխանել բոլոր անոնց, որոնք բանակին դէմ ցեխարձակումներ կը կատարեն: «Մենք Լիբանանի մէջ կարիքը ունինք դաստիարակութեան եւ պետական հաստատութիւններուն նկատմամբ յարգանք տածելու զգացումին», ըսաւ Ռայի պատրիարք:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը ճամբեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Փարիզի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:

Իր քարոզին մէջ պատրիարքը ողջունեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին, որ իրեն Ֆրանսա այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը ղրկած է` աւելցնելով, որ նախագահ Սարքոզի իր այս քայլով կը պահպանէ ֆրանսական-մարոնիական եւ ֆրանսական-լիբանանեան գործակցութիւնը:

«Այս այցելութիւնը պիտի ըլլայ առիթ մը հանդիպելու ֆրանսացի զանազան պատասխանատուներու հետ եւ վերլուծելու Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու ամբողջ շրջանին դիմագրաւած փոփոխութեան ալիքները, որոնց արդիւնքները տակաւին անյստակ են եւ անորոշ», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:

 

Նախորդը

ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ` ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ

Յաջորդը

«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ՓԱԽՈՒՍՏ ՏԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵՆԷՆ» Կ՛ԸՆԴԳԾԷ ԺՈՄՊԼԱԹ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.