Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Տաւոսի մէջ Համաշխարհային տնտեսական համախմբումի հանդիպումներուն ծիրին մէջ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման նկատմամբ յոյսով լեցուած է:
«Մենք անոնց (թուրք պաշտօնատարներուն) հետ կը խօսինք, իրենք ալ մեզի հետ կը խօսին, եւ եթէ յաջողինք, ատիկա երկու երկիրներուն համար լաւ պիտի ըլլայ», ըսաւ Պենիամին Նեթանիահու:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը յուսա՞յ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պիտի վերականգնին, Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ. «Մենք միշտ յոյսով լեցուած ենք»: