Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գետի ափին կառուցուող 50 առանձնատուներէն 26-ը արդէն պատրաստ են օգտագործման:
Թաղամասին մէջ ներկայիս վերջին աշխատանքները կը կատարուին, կը բարեկարգուի բնակարաններու մերձակայ տարածքը, արդէն տեղադրուած են եզրաքարերը, խճապատուած են ճամբաները: Առիաւանի միւս 24 բնակարաններուն մէջ կը շարունակուին շինարարութեան աշխուժ աշխատանքները, որոնք այս տարի պիտի աւարտին: Արդէն ամբողջացած է արտաքին ջրամատակարարման եւ կոյուղիի ցանցերու կառուցումը:
Առիաւանցիները մնայուն ջուր պիտի ունենան: Յիշեցնենք, որ բնակարաններու շինարարութիւնը սկսած է 2013 թուականին` Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան վերաբնակեցման գօտիի զարգացման ծրագիրներու ծիրին մէջ: Ֆինանսաւորումը կը կատարուի լիբանանահայ գործարարներուն կողմէ հիմնադրուած ԱՌԻ ընկերութեան, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան եւ Արցախի ներդրումային հիմնադրամին համաֆինանսաւորումով: Ծրագիրը եռափուլ է, իւրաքանչիւր հանգրուանի կը նախատեսուի կառուցել 50 բնակելի առանձնատուն: