Թունուզի իշխանութիւնները որոշեցին ամբողջ երկրին տարածքին հաստատել կրակմարի դրութիւն:
Թունուզի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ այդ որոշումը որդեգրուած է տնտեսական ծանր կացութեան դէմ, մասնաւորաբար գործազրկութեան բարձր մակարդակի պատճառով երկրին մէջ շարունակուող բողոքի ցոյցերուն եւ անկարգութիւններուն լոյսին տակ:
Կրակմարի դրութիւնը սահմանուեցաւ երեկոյեան ժամը ութէն մինչեւ առաւօտեան ժամը հինգը:
Ցոյցերը ընթացք առած էին հինգշաբթի օր, երբ Ռիտա Եահեաուի անունով գործազուրկ երիտասարդ մը պետական պաշտօն ստանալու իր դիմումին մերժումին պատճառով անձնասպան եղաւ: