Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոմիտաս» Ձայնասկաւառակ` Նոր Շունչ Եւ Միջազգային Ճանաչում Հայկական Երաժշտութեան…

Յունուար 22, 2016
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ECM-2451-2

Իւրաքանչիւր մշակոյթ ունի ապագայ, եթէ կ’ապրի եւ անընդհատ կը շնչէ եւ ունի միջազգային հետաքրքրութիւն, եթէ համամարդկային  արժէք է: Հայկական երաժշտութիւնը խորունկ է ու համամարդկային եւ կրնայ հանդիսանալ հինաւուրց քաղաքակրթութիւններու ընկալման կարեւոր բանալիներէն մէկը:

Բոլորովին վերջերս հայութեան համար կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը հանդիսացաւ աշխարհի ամենահեղինակաւոր ընկերութիւններէն մէկուն` գերմանական ECMrecords-ի կողմէ հրատարակուած «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակը` իր  30  էջնոց  բազմաբովանդակ տեղեկատուութեամբ  եւ  լուսանկարներով:  Ձայնասկաւառակի մեկնաբանութիւնը գրուած է երգահան Տիգրան Մանսուրեանի եւ Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ:

Ձայնասկաւառակը  հրաշալի  հնարաւորութիւն  եւ  առիթ  է Կոմիտասի  երաժշտութիւնը Արեւմուտքի մէջ  բացայայտելու եւ տարածելու համար: Անիկա կրնայ ըլլալ ամբողջ հայութեան համար հայ երաժշտութեան գիտակից ծանօթացումն ու երիտասարդ սերունդը հպարտութեամբ դաստիարակելու հիմքերէն մէկը:

Ցարդ ասիկա միջազգային մեծագոյն  ու  լայն  անդրադարձներէն մէկն է Կոմիտասի  երաժշտութեան: Հարկ է նշել, որ ECMrecords-ը,  ըլլալով  աշխարհի մէջ  շատ  յայտնի  եւ  մեծ հեղինակութիւն ունեցող ընկերութիւն, կ’օգտագործէ աշխարհի տարածքին ունեցած  իր բոլոր լծակները` նպաստելով իր հրատարակած ծրագիրներու ճանաչելիութեան: Անիկա նաեւ կ’ապահովէ  զանգուածային լրատուամիջոցներու ու երաժշտական  փառատօներու  անդրադարձը:

Ձայնասկաւառակին մէջ տեղ  գտած են Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստաններու տարածքներուն մէջ գրի առնուած եւ քանի մը հազար տարուան ընթացքին ստեղծուած հայկական խմբապարերու երաժշտութիւնները, ինչպէս, օրինակ`«Կարնոյ ետ ու առաջը», «Կարնոյ շորորը», «Մշոյ շորորը», կանացի մենապարերը, մանկական նուագները, օրօրոցային, ժողովրդական եւ հոգեւոր երգերու կատարումներ: Բոլոր ստեղծագործութիւնները գործիքաւորուած են հայկական նուագարաններով` տուտուկ, փող, թառ, դափ, քամանչայ, թմբուկ, զուռնայ, բուրվառ, զանգ եւ այլն:

The-Gurdjieff-Ensemblephoto-by-Andranik-Sahagyan

Կոմիտասի ստեղծագործութիւններու գործիքաւորումները կատարած է համոյթի  գեղարուեստական  ղեկավար Լեւոն Իսկէնեան` որպէս գործերու սկզբնաղբիւր  օգտագործելով  այն  ժողովրդական  նուագարանները,  որոնց  մասին  որպէս կատարողական ոճ եւ սկզբնաղբիւր  իւրաքանչիւր  ստեղծագործութեան  վրայ  նշած է Կոմիտասը` թառ, տուտուկ, փող, դափ, թմբուկ, զուռնայ եւ այլն:

Շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ ձայնասկաւառակը արժանացած է միջազգային` ներառեալ եւրոպական, ամերիկեան, ճափոնական լրատուամիջոցներու բարձր գնահատականին` բնութագրուելով հետեւեալ կերպ. «Համոյթը նոր շունչ կու տայ հայկական երաժշտութեան, որ հաւաքագրուած է 20-րդ դարաշրջանի սկիզբը, սա երաժշտական հնագիտական եւ վերականգնման աշխատանք է», կը գրէ «Սոնկլայնզ մեկեզին»:

Այս անգլիական թերթին կողմէ ձայնասկաւառակը դասուած է 2015 թուականի տասը լաւագոյն ձայնասկաւառակներու շարքին:

Աւստրիական ձայնասփիւռի կայանը «Օ. Ար. Էֆ.», Ս. Ծննդեան գիշերը սփռեց ձայնասկաւառակին վրայ տեղ գտած երաժշտութիւնը, իսկ «Պրիթիշ Էրուէյզ»-ը իր օդանաւերուն վրայի երաժշտական ցանկին մէջ պիտի ներառէ զայն մնայուն կերպով:

Անիկա արդէն հասանելի է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներու ձայնասկաւառակներու վաճառակէտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` առցանց վաճառակէտերուն:

 

ECM 2451

Komitas -The Gurdjieff Ensemble- Levon Eskenian

 

Կարճամեթրաժ տեսահոլովակ` «Կոմիտաս» ձայնասկաւառակի մասին.

 

Կարճամեթրաժ ժապաւէնը ծրագիրի մասին.

 

«Կուրճիեւ» համոյթը միջազգային համբաւ ունեցող հայկական ամենայայտնի համոյթներէն մէկն է, որ հիմնադրուած է 2008 թուականին, Լեւոն Իսկէնեանի կողմէ, նպատակ ունենալով ներկայացնել հայկական աւանդական երաժշտութիւնը եւ հայ մեծանուն փիլիսոփայ, երաժիշտ Գ. Ի. Կիւրճիեւի եւ մեծն Կոմիտասի ստեղծագործութիւններն ու գործիքաւորումները: Համոյթի կազմին մէջ Հայաստանի առաջնակարգ երաժիշտներ են:

Գերմանական յայտնի ECM ձայնագրման ընկերութիւնը հրապարակած է նաեւ «Կուրճիեւ» համոյթի առաջին ձայնասկաւառակը`«Music of Georges I «Gurdjieff», որ 2012 թ.-ին Հոլանտայի մէջ արժանացած է հեղինակաւոր Edison մրցանակին, Հայաստանի ազգային երաժշտական մրցանակին, ինչպէս նաեւ մեծ լսարան ունեցող ձայնասփիւռի կայաններու կողմէ ընտրուած է որպէս շաբթուան լաւագոյն ձայնասկաւառակ (ABC ձայնասփիւռի կայանը Աւստրալիոյ, WQXR-ը` Միացեալ Նահանգներու մէջ):

«Կուրճիեւ» համոյթը համերգներով շրջագայած եւ ելոյթներ ունեցած է շարք մը յայտնի սրահներու եւ միջազգային փառատօներու մէջ, համերգներ ունեցած է Լիբանանի, Գերմանիոյ, Պրազիլի, Արժանթինի, Իտալիոյ, Ռուսաստանի, Զուիցերիոյ, Պելճիքայի, Փորթուգալի, Հոլանտայի, Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Աւստրալիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

Համոյթը նպատակադրուած է Կոմիտասի ծրագիրով շարունակել իր համերգային շրջագայութիւնները աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, համերգային սրահներու եւ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:

Նշենք, որ ECM records ընկերութիւնը կը պատրաստուի հրապարակել նաեւ Կոմիտասի դաշնամուրային ստեղծագործութիւնները` Լուսինէ Գրիգորեանի կատարմամբ, 2016 թուականին:

http://www.gurdjieffensemble.com

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1966)

Յաջորդը

Նոր Սիս Թաղամասը

RelatedPosts

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը
Արուեստ - Մշակոյթ

Այնճարում Հայակերտ Արուեստի Ցուցասրահը

Յուլիս 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

Յունիս 17, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

Յունիս 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?