«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը դարձեալ կապած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման հետ:
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող միջազգային խորհրդաժողովի մը ընթացքին` պատասխանելով դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու մասին հարցումին` Չաւուշօղու ըսած է, որ «առանց Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին նոյնիսկ խօսք չի կրնար ըլլալ»` աւելցնելով. «Ազրպէյճանի խնդիրը անմիջականօրէն կը վերաբերի նաեւ Թուրքիոյ»: