«Սերի Ա.»-ի կազմերէն Փալերմօ արժանթինցի Կուիլերմօ Պարոս Շելոթթոն նշանակեց այս տարեշրջանի իր երրորդ մարզիչը` պաշտօնանկ ընելէ ետք Տաւիտ Պալարտինին, որ հարցեր ունեցաւ խումբին մարզիկներուն հետ:
Նշենք, որ ան եօթը մրցում կատարեց «Քալչիօ»-ի գծով:
Նախքան Պալարտինիի նշանակումը, խումբին մարզիչն էր Ճիուզեփփէ Լաքինի, որ երկու տարի յաջողեցաւ մնալ խումբին մարզիչը:
Ներկայիս Փալերմօ 19 մրցումէ 21 կէտ ապահովելով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 16-րդ դիրքը` 20 խումբերու մէջ: