
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մայեմի Հիթը, 111-103 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի, նշանակեց 31 կէտ:
Սակայն Սան Անթոնիօ Սփըրզ եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ իրենց յաղթանակները արձանագրեցին իրենց դաշտերէն դուրս` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Պրուքլին Նեթցը (106-79) եւ Շիքակօ Պուլզը (114-100):
Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Պոսթըն Սելթիքս
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Միլուոքի Պաքս – Շիքակօ Պուլզ
Մինեսոթա Վուլվզ – Օքլահոմա Սիթի
Տալաս Մավըրիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Նիւ Օրլինզ