ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցով խորհրդակցութիւններու մասնակցելու համար երէկ այցելեց Լոնտոն:
«Կը մեկնիմ Լոնտոն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ խորհրդակցութիւններ կատարելու համար», նշած է Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած իր գրառումին մէջ` օգտագործելով #NKpeace հեշթեկը