Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Տինքի Սպանութեան Գործով Դատախազը Հեռացուցած Են Հետաքննութենէն

January 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Dink_011216

«Ժազիրա Թիւրք» կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազ Հատի Սալիհօղլու Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով պետական պաշտօնեաներու առնչուած մեղադրական եզրակացութիւն պատրաստած եւ յանցագործութիւնը կազմակերպուած ըլլալուն առնչուած հետաքննութիւն կատարող դատախազ Կէօքալփ Քէօյքճուն տեղափոխած է այլ աշխատանքի:

Կայքը կը նշէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հետաքննութիւնը վստահուած է այլ դատախազի:

Կը նշուի, որ Տինքի գործով դատախազի փոփոխութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ գլխաւոր դատախազութեան 2016-ի համար «աշխատանքի բաժանման» ծիրին մէջ: Կէօքալփ Քէօյքճուն աշխատանքի նշանակուած է Պոլսոյ դատախազութեան գլխաւոր նախապատրաստական հետաքննութեան գրասենեակին մէջ: Ան այլեւս ահաբեկչութեան ծիրին մէջ հետաքննութիւններ պիտի չկատարէ:

Տինքի սպանութեան գործի վերանայումը դատախազ Քէօյքճուի վստահուած էր դեկտեմբեր 2014-ին: Ան մեղադրական եզրակացութիւն պատրաստած էր Տինքի սպանութեան ընթացքին Պոլսոյ անվտանգութեան նախկին տնօրէն Ճալալեթին Ճերրահի, հետախուզական վարչութեան ղեկավար Սապրի Ուզունի, Տրապիզոնի անվտանգութեան նախկին տնօրէն Ռեշաթ Ալթայի եւ հետախուզական վարչութեան ղեկավար Էնկին Տինչի հետ միասին 26 պետական պաշտօնեաներու վերաբերեալ: Մեղադրական եզրակացութիւնը գլխաւոր դատախազութեան կողմէ երկու անգամ վերադարձուած էր անոր` անոնց մէջ գոյութիւն ունեցող «թերութիւններու» համար:

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Հոլովոյթը Յոյսեր Չի Ներշնչեր, Իսկ Ամբողջական Կազմով Նախարարաց Խորհուրդի Նիստ Մը Գումարելու Կարելիութիւնը Կը Մնայ Անորոշ

Յաջորդը

Տիգրան Սարգսեանը Ազատ Կացուցուած Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայաստանի Դեսպանի Պաշտօնէն Գրիգոր Յովհաննիսեան` Միացեալ Նահանգներու Մէջ Հայաստանի Դեսպան

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.