
9 յունուարի գիշերը ազրպէճանական կողմէն արձակուած կրակոցին իբրեւ հետեւանք ծանրօրէն վիրաւորուած եւ զոհուած էր պաշտպանական բանակի զինուոր Արամայիս Ոսկանեան (ծնեալ` 1996-ին, Գաւառ): Զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան առաջին կայազօրային քննչական բաժինին մէջ յարուցուած է քրէական գործ` հակառակորդին կողմէ հայ զինուորին սպանութեան դէպքին առիթով:
Միւս կողմէ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտնած է, որ 11 յունուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին ցուցաբերած արիութեան համար պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի շարքային Արամայիս Ոսկանեան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:
11 յունուարին Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է 19-ամեայ Արամայիս Ոսկանեանի հոգեհանգիստը, որուն ներկայ եղած է պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որ նահատակ զինուորին ընտանիքին յանձնած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալը:
Նշենք, որ Արամայիս Ոսկանեան տան միակ որդին էր, ունէր 3 քոյրեր: Ան կ՛ուսանէր «Հայաստանի պետական ագրարային համալսարան»-ին մէջ:


