
Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Լաթվիա, Լիթուանիա, Էսթոնիա պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանով 10 յունուարին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Պալթեան երկիրներ:
Ազգային ժողովի փոխնախագահի գրասենեակէն կը տեղեկացնեն, որ այցելութեան շրջագիծին մէջ, 10-էն 16 յունուարին նախատեսուած են Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահի հանդիպումները Էսթոնիոյ խորհրդարանի առաջին փոխնախագահ Հելիր-Վալտոր Սիտերի, Լաթվիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Ինես Լիպինա-Էկների, Լիթուանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահ Կետիմինաս Քիրքիլասի, Լիթուանիա – Հայաստան միջխորհրդարանական կապերու խումբի, Հայաստանի հետ Լաթվիոյ եւ Լիթուանիոյ միջխորհրդարանական կապերու խումբերու, ինչպէս նաեւ Պալթեան երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ:


