9 յունուար 2016-ին պաշտպանութեան բանակի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պաշտպանութեան բանակի զինուորական ծառայող, 1996-ի ծնունդ Արամայիս Ոսկանեան, կը տեղեկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: