Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փրկեցէ՛ք Անապատի Որբերը

January 9, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԵՐԱ ԾՈՒՐՈՒ

636c9cb86db424fab97cf9ae0ee92020

1910-ին, երբ մեծ մայրս` Սիրվարդը ծներ է Արաբկիրի Տասքուսա գիւղը, չէր գիտեր, որ հինգ տարի ետք պիտի կորսնցնէր քոյր-եղբայրները` մահուան ճամբաներուն վրայ, անապատին մէջ: Ոչ ալ իր մայրը` Հայկանուշը, հարս եկած` հեռաւոր Ակն քաղաքէն, միտքէն կ՛անցընէ՞ր, որ պիտի կորսնցնէր քոյր-եղբայրները եւ նոյն ձեւով` մայրն ու հայրը: Մեծ պապս` Թովմասը, երբ ջութակ կը նուագէր տօներուն` Արաբկիրի մայր եկեղեցիին մէջ, նոյնպէս չէր մտածեր, որ 15 սեպտեմբեր 1957-ին, քաղաքապետութիւնը ուժանակով պիտի պայթեցնէր 13-րդ դարու կառոյց այդ տաճարը: Ինծի կ՛ըսէր.- «Մեր եկեղեցին 3000 հոգի կրնար ընդունիլ: Մեծ մօրդ մկրտութեան շուրջի գիւղերէն ալ ժողովուրդ հաւաքուեցաւ. այն ատեն Արաբկիրը 11 հազարէն աւելի հայութիւն կը հաշուէր»:

Տէր Զօրի այրող աւազներուն մէջ անյայտ ու անհետ կորսուած ազգականներ, կորսուած քոյր-եղբայրներ. հասա՞ն որեւէ տեղ, ո՞ղջ են. եթէ փրկուեցան, ո՞ւր են… Մեռա՞ն. ո՞ր հողը ծածկեց զիրենք… ո՞ւր վառես մոմ մը իրենց հոգիին: Հարցումներ` ասոնք, պահուած հարազատներուս հոգիին խորը, անոնց, որոնք յաջողեցան բոպիկ եւ սովահար հասնիլ Պոլիս, Գում-Գաբուի հայոց պատրիարքարանը, գաւառներէն փրկուած անհամար գաղթականներու այդ ապաստանարանը:

Հոն, Գում-Գաբուի ապաստանեալները կը գտնէին զիրենք պաշտպանող երդիք մը եւ կտոր մը հաց.  առաջին դարման մը` իրենց տառապանքին:

Քիչ ժամանակ ետք որբերուն համրանքը կ՛աճէր հազարներով: Հայկական կազմակերպութիւնները կը բանային խոհանոցներ` զանոնք կերակրելու համար. կը հայթայթէին հագուստեղէն: «Ի՜նչ որբ,- կը կանչէր Հայկանուշ մամիկս,- մեր աղջիկներն են, մեր որդիներն են, մե՛ր զաւակները»: Այսպէ՛ս, ամէն կիրակի, ամբողջ տարի մը, կերակուրներ կ՛երթային իրենցմէ` Պոլսոյ որբանոցներուն:

1917-ի սկիզբը, ա՛լ ձուլուած Գում-Գաբուի համայնքին, մերինները կը մասնակցէին «անապատի որբերուն համար» կազմակերպուող հանգանակութիւններուն: Իրենց զրկանքին մէջ անոնք կը հաւաքէին` ինչ որ կրնային իրենց «զաւակներուն» համար: Այդ օրերէն միակ յիշատակը, փրկուած` գրքի մը մէջ պահուելով, թուղթէ կրծքանշան մըն է, 98 տարեկան, պարզ վերնագրով մը`

«Փրկեցէ՛ք Անապատի Որբերը»

Մեծ մայրս կ՛ըսէր. «Երբ ժողովուրդ մը չ՛ուզեր մեռնիլ, չի մեռնիր»: Կրծքանշանը, մեծ պապիս օձիքէն, անցեր է իր որդիին` Գառնիկի ձեռքը, որ ծներ է Գում-Գաբու, 1922-ի շուրջ, եւ յետոյ իր ձեռքէն հասեր է իմ ձեռքս: Իր մահէն քանի մը տարի առաջ, Գառնիկ պապս զիս կանչեց` ինծի յանձնելու համար ընտանեկան աւանդները: Ո՛չ ոսկի լիրաներ, ո՛չ զարդեղէն ու ադամանդ, այլ` հին լուսանկարներ, հին գրութիւններ:

«Մեր ժառանգութիւնը,- ըսաւ ինծի,- մեր պատմութիւնն է»:

Իսկ Սիրվարդ մեծ մայրս կը շարունակէր` «Թէ մայրդ անգամ մտքէդ հանես, քու մայր լեզուդ չմոռնաս»:

*   *  *

Այսօր, «Ազատ Օր»-ի օգնութեամբ, կրծքանշանը հասած է եւ կը ցուցադրուի Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, Հայաստան: Ջուրը իր ճամբան գտաւ:

Նուէրս թո՛ղ ըլլայ ի յիշատակ Սիրվարդին, Արուսին եւ Գառնիկին` Հայկանուշի եւ Թովմասի զաւակներուն. ազգականներուս, որոնք փրկուեցան, որպէսզի ես ծնիմ եւ ըլլամ…

 

Նախորդը

Սառոյցէ Եւ Ձիւնէ Արձաններուն Արուեստը

Յաջորդը

Զ. Մ. Որբունիի Վերջին Այցը Նիկողոս Սարաֆեանին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.