Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Տարին Բերէ՛ Բարին

January 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sylvie_010816

Տարի մը եւս բոլորեցինք` քաղցր ու դառն յուշերու հետքերով: Խանդաղատանքով ու տագնապներով ծանրաբեռնուած օրերը հեւ ի հեւ սահած, սլացած են մեր կեանքէն: Հեռացող տարին ա՛լ գաղտնիք մը չունի մեզի համար, իսկ նոր տարին, անակնկալներով լիառատ, ծածուկ յուզումներով ու անսպասելի արարքներով բեղուն` կը ծաւալի մեր առջեւ:

Կը դիմաւորենք այս նորածին հսկան` բարեփոխուած ապագայ օրերու հեռանկարով, բուռն ցանկութիւններով ու ամէն տարի կրկնուող բարեմաղթութիւններու կաղապարեալ բանաձեւումով:

Նոր տարին մեզի պիտի ընկերանայ չորս եղանակներու ընթացքին` կախարդական բնանկարներ հրամցնելով: Այս անծանօթ ու անստոյգ ծաւալումին նկատմամբ մերթ ուրախ մերթ տխուր տրամադրութիւններով, համահունչ առօրեայի մը խուճապը պիտի դիմագրաւենք` ըստ մեր զգացմանց ազնուութեան ու բնածին իմաստութեան:

Ի՜նչ զարտուղի ու աներեւակայելի դէպքեր ու հանդիպումներ պիտի վայելենք ներկան անցեալի վերածող այս ժամանակաշրջանին, չենք գիտեր:

Պահ մը թեւածենք երեւակայական աշխարհի մը նրբանցքներէն ներս, անզուսպ զգացումներու հեղառատ հմայքին ու ճախրանքին հետեւելով:

Ո՜րքան հաճելի պիտի ըլլար անդորր ու հեշտալուր ներդաշնակութեամբ շաղախուած իրերայաջորդ առօրեայի մը վերացական ենթադրութեամբ, մատչելի ու համախոհ մարդոց հետ հրաշք հանդիպումներ ունենալ…

Օրէ օր գունատած ընկերային կեանքի ապրումներուն առկայ ամայութիւնը փարատող, գերզգայուն հոգիներու հետ բանաստեղծական ու սանձարձակ տրամախօսութիւններ վայելել…:

Ազնիւ, բարեկիրթ ու քաղաքավար քաղքենիի մը կենցաղով թրծուած` անգերազանցելի մտքի մշակներու հետ յափշտակութիւն առթող հանդիպումներու մասնակցիլ…

Բարոյական սկզբունքներու հաւատարիմ, ընկերային կեանքի ու հայկական ընտանեկան աւանդութիւններուն պատշաճ` անշահախնդիր ու անանձնական առաքինութիւններով օժտուած մարդոց հետ ծանօթանալ…

Ազնիւ ու անխարդախ զգացումներով ծանրակշռուած, քրիստոնէական հաւատքի շունչով օծուն, քնարերգական ներաշխարհի մէջ ապաստանեալ, ժանեակէ շղարշի նման փափուկ ու հմայիչ ներդաշնակութեամբ հայաբարբառ ոճի, խօսքի ու գիրի նուիրեալ մշակներու հետ անպարոյր ու բազմաբեղուն զրոյցներ ունենալ… որքա՜ն երանելի պիտի ըլլար Աստուա՛ծ իմ…

Յանկարծ ուժգին հնչող դրան զանգով կը սթափիմ հեզամրմունջ մտորումներէս. նամակաբաշխն է, որ ըստ սովորութեան, Նոր տարուան օրացոյցները կը վաճառէ թաղեցիներուն, յապաղումէս ջղայնացած` երիտասարդը ա՛լ աւելի երկար ու արագ կը հնչեցնէ զանգը, կառչելով ցանկապատին:

Կը մտածեմ այս վերացական հանդիպումներուն մասին. ըստ ինքեան «թերեւս օր մը… ո՞վ գիտէ» ըսելով` կը մեկնիմ երազանքներուս փապուղիէն:

Սիրելի՛ հայորդիք, վայելեցէք անմոռանալի հանդիպումներ` զուսպ ու անկեղծ մարդոց հետ, շնորհառատ Աստուծոյ անգերազանցելի սիրոյն արժանանաք, հաւատքի եւ յոյսի յորդառատ աղբիւրներէն յագեցնէք ձեր բարոյացուցիչ խաղաղութեան ծարաւը:

Հուսկ յետոյ, Աստուծոյ շնորհներովը եւ օրհնութիւններովը լիաբուռն բարեստուեր տարի մը բոլորիդ` անխռով եւ անտրտունջ:

Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ

Բարին ընդ ձեզ`
ՍԻԼՎԻ ՍՐԲՈՒՀԻ ՄԱՐԱԶԵԱՆ

10-12-2015

Նախորդը

Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Կաղանդի Գեղարուեստական Հանդէս Եւ Պարգեւատրում` Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիգեանի

Յաջորդը

Եզրաբանութիւն Եւ… Ահաբեկչութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.