Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

January 8, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Էմմանուէլ եկեղեցիին շնորհեց պատշաճ ձեւով իր մասնակցութիւնը բերել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Շնորհիւ Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի աւետարանական համաշխարհային եկեղեցիներու եւ այլ միջազգային շրջանակներու մէջ վայելած բարի համբաւին, մեր եկեղեցին առիթը ունեցաւ ո՛չ միայն «յիշելու եւ պահանջելու», այլ նաեւ` օտարներուն յիշեցնելու 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը:

2015 տարուան ամբողջ ընթացքին հովիւը յատուկ հրաւէրներու ընդառաջելով` այցելեց զանազան երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներ, ուր քանի մը տասնեակ դասախօսութիւններու եւ թերթերու ու հեռատեսիլի կայաններու տրուած հարցազրոյցներու ընդմէջէն, օտար մտաւորականներու եւ հանրութեան ներկայացուց հայ ազգին մեծ ողբերգութիւնը, մեր արդար պահանջները եւ պարզեց քրիստոնեայ եկեղեցիներու դերը` արդարութեան վերականգման ի խնդիր:

Բնականաբար ամէն մէկ դասախօսութեան, ամէն մէկ տրուած հարցազրոյցի ընթացքին վեր. Սերոբ Մկրտիչեան կ՛անդրադառնար սուրիահայութեան այսօրուան ողբերգութեան, յիշենք, որ դասախօսութիւններէն մին, Ֆրանսայի մէջ, ամբողջութեամբ նուիրուած էր քեսապահայութեան:

Ստորեւ կը նշենք դասախօսութիւններու վայրերն ու թուականները.

Ա.13-20 ապրիլ 2015, Իտալիա,
Բ. 22-28 սեպտեմբեր 2015, Գերմանիա
Գ. 9-12 հոկտեմբեր 2015,  Պելճիքա
Դ. 12-17 հոկտեմբեր 2015, Գերմանիա
Ե. 30 հոկտ.-12 նոյ. 2015, Ֆրանսա
Զ. 12-16 նոյեմբեր 2015, Իտալիա
Է. 16-20 նոյեմբեր 2015, Շուէտ

Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած էր Վարդի Քէշիշեանի հեղինակած Էմմանուէլ մայր եկեղեցիի պատմութիւնը պարունակող յուշամատեանը: Հովիւը, հեղինակին ներկայութեամբ, հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը Երեւանի մէջ «Յուշամատեան»-էն օրինակներ յանձնեց Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի տնօրէն ակադեմիկոս Հրաչ Թամրազեանին: Յուշամատեանին շնորհահանդէսը Էմմանուէլ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ 27 դեկտեմբեր 2015-ին:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, Էմմանուէլ եկեղեցին հովիւին առաջնորդութեամբ շարունակեց իր բարեսիրական ծառայութիւնները հալէպահայութեան անխտիր` օգնելով նաեւ տեղացի կարիքաւորներու, յաճախ յատկացուած նպաստը հասցնելով նպաստընկալի տուն` միշտ «Ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ, աջ ձեռքիդ տուածը» սկզբունքէն մեկնելով, ինչպէս նաեւ` նախանձախնդիր գտնուելով նպաստընկալի արժանապատուութեան պահպանման, որովհետեւ ինչ որ կ՛ընենք, Աստուծոյ կամքով է, որ կ՛ընենք, ահա թէ ինչո՛ւ կը միանանք սաղմոսերգուին եւ կ՛ըսենք. «Ո՛չ թէ մեզի, ո՛վ Տէր, ո՛չ թէ մեզի, հապա Քու անուանդ փառք կու տանք, Քու շնորհքիդ եւ Քու ողորմութեանդ համար»:

Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին Աստուծոյ զօրութեամբ եւ առաջնորդութեամբ մինչեւ օրս շարունակեց  ու կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Հալէպի մէջ` հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ խօսքին, Հայաստանեայց աւետարանական եկեղեցիի սկզբունքներուն եւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան:

ՀԱԼԷՊԻ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՄԻԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎ

Հալէպ, 19 դեկտեմբեր 2015

Նախորդը

Եզրաբանութիւն Եւ… Ահաբեկչութիւն

Յաջորդը

Հարցազրոյց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի Հետ

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.