ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ժամանակը հասած է լաւ որոշումներ տալու: Լաւ ուտել, աւելի ժամեր քնանալ եւ յոգնութիւնը մէկ կողմ նետել: Այս է օրուան պահանջը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Սիրահարածներու համար` սքանչելի ռեւէյոն մը: Ձեր փափաքը պիտի կարենաք իրագործել այսօր` ձեր սիրած անձին լաւ նուէր մը ընելով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անհամբեր էք 2016-ը դիմաւորելու: Պատրաստուեցէք այնպէս, որ չմոռնաք ձեր սիրելիները ուրախացնել, նոյնիսկ` փոքր նուէրներով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Զիրար սիրող անձերը իրարու պիտի հանդիպին լաւ մաղթանքներ փոխանակելով: Անոնք ունին բարի տրամադրութիւն` Նոր տարին դիմաւորելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կէս գիշերուան ժամը 12:00-ին պիտի խմէք գինի, որպէսզի յաջորդ տարին ըլլայ բարեբեր, եւ բոլորին յոյսերը իրականանան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հրապուրիչ նոր տարուան այս գիշերը բոլորը պիտի ուրախանան` մտածելով նոր յաջողութիւններու մասին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ահաւասիկ հասած է մաղթանքի ժամը: Անոնք, որոնք քաջալերանքի պէտք ունին, պիտի ուրախանան եւ ապագան պիտի տեսնեն փայլուն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ահաւասիկ նոր տարուան գիշեր է, իրարու հետ պիտի փոխանակէք գեղեցիկ խօսքեր եւ պիտի կատարէք նոր խոստումներ` յաջորդ տարուան համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Անցնող տարին մի՛ դիտէք յոռետեսութեամբ, եթէ անիկա լաւ չէ եղած ձեզի համար. յոյս ունեցէք, որ 2016-ը աւելի պայծառ պիտի ըլլայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ Նոր տարին օտար երկրի մը մէջ անցընէք, այդ վայրին մշակոյթը եւ սովորութիւնը պիտի զարմացնեն ձեզ: Նոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գալիք տարին անակնկալներով լեցուն է երիտասարդներուն եւ տարեցներուն համար. բայց ներկայիս ամէն ինչ մէկ կողմ դրէք եւ վայելեցէ՛ք օրը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ժամն է ողջագուրուելու, բարի մաղթանքներ ուղղելու իրարու, վայելելու օրուան բարիքը: Շնորհաւոր Նոր տարի:
