ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր հետաքրքրութիւնը պիտի աւելնայ սիրոյ պարագային: Պիտի աւելնայ ձեր եռանդը, ախորժակը եւ խանդավառութիւնը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կը մաղթէք որ տօնական օրերուն բոլոր ընտանիքը միանան: Այս առիթով ձեր ըրած հրաւէրին պիտի ընդառաջեն բոլորը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հեռու մնացէք վէճի մը միջամուխ ըլլալէ: Ձեր գործերը կատարեցէք լրիւ, առանց հետաքրքրուելու ուրիշներուն ըրածով: Խոհեմ եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ինչ որ ըլլայ ձեր պարագան Նոր տարուան նախօրեակին, մի յուսահատիք եւ մի մտածէք, թէ առանձին էք: Ամէն բան լաւ պիտի անցնի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տարին պիտի աւարտէք ուրախ տրամադրութեամբ, ինչ ալ ըլլայ ձեր տարիքը, այր ըլլաք թէ կին: Օրերը գեղեցիկ են:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կան գաղտնիքներ, որոնց պահելը դժուար է: Ձեզի մօտիկ անձ մը իր ներաշխարհի հարցերը պիտի պատմէ ձեզի: Լրջութեամբ մտիկ ըրէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեզի մօտիկ անձեր եւ բարեկամներ միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլան: Օգտուեցէք անոնց եռանդէն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Լաւատես եղէք ամէն պարագային, նոյն ատեն եղէք նաեւ իրապաշտ: Այս ընթացքով ձեր օրերը պիտի անցնին բնական ոգեւորութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի մօտիկ մէկը օգնութեան կարօտ է. անտարբեր մի՛ մնաք անոր հանդէպ, մի ձգէք, որ այս առիթը անցնի: Եղէք առատաձեռն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւ է լաւատես ըլլալը, բայց իրականութիւնը մի քողարկէք, դէպքերը առէք այնպէս, ինչպէս որ են, ինչ որ պիտի օգնէ ձեր պարագային:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ուշադիր եղէք ծայրայեղ անկեղծութեան: Շատ խօսիլը հարցեր կը ստեղծէ, հետեւաբար եղէք քիչ խօսող եւ լաւ մտածող:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դարձեալ պատրաստութիւններ պիտի տեսնէք Նոր տարուան նախօրեակին: Եթէ մանուկներ կան ձեր շուրջը, անոնց յարմար նուէրներ գնեցէք:
