ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամուսնական կեանքին մէջ ձեր զգացումները զարգացուցէք: Եթէ ձեր սիրածին մասին չէք մտածեր, ան յուսախաբ պիտի ըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տարիքի մեծութիւնը ձեզի բարդոյթ մը թող չտայ. հպարտ եղէք: Ամէն տարիք իր գեղեցկութիւնը եւ զօրութիւնը ունի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Որոշած էք հաճելի ըլլալ ամէն պարագաներու: Ձեր այս նկարագիրին համար պիտի սիրուիք բոլորէն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Առիթ պիտի ունենաք յաջողութեամբ բարձրանալու, բայց ձեր ուժը բոլորովին մի՛ սպառէք: Չափաւորութեան սահմանը մի՛ անցնիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը փափաքիք հաճելի երեւիլ բոլորին, այս գեղեցիկ պահուն ձեր մասնակցութիւնը պիտի նշմարուի եւ պիտի գնահատուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օրը կը պահանջէ փոքր ուշադրութիւն դարձնել ձեր շրջապատին: Երբեմն չնախատեսուած հարցեր կրնաք դիմագրաւել: Ուշադիր եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ծրագիր մը լաւ ձեւով ճամբայ պիտի ելլէ, պիտի յաջողի շնորհիւ ձեր գիտակցութեան եւ ձեռներէցութեան:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ մտադիր էք ձեր գործին մէջ յառաջ ընթանալ, դիւանագէտ եղէք, եւ աճապարանքով առաջ մի՛ անցնիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կը փափաքիք տօնական օրերուն առիթով ծրագիրներ մշակել, գեղեցիկ յիշատակներով պիտի վերադառնաք: Ձեր միտքը մի՛ փոխէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դիւրութեամբ պիտի ստանաք դրամական եկամուտ մը տօներու նախօրեակին: Ձեր փափաքը պիտի իրականանայ, պիտի գնէք ինչ որ ուզէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամէն մարդ գիտէ, որ աշխատանքի մէջ միտքերու փոխանակումը եւ խօսիլը անհրաժեշտ է: Շատ վատ տրամադրութիւն կը ստեղծէ լուռ մնալը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ կը պատրաստուիք տօնական օրերուն եւ պիտի կատարէք յաւելեալ աշխատանքներ, ձեզի օգնողներ պիտի ըլլան: Կատարեցէք ձեր ծրագիրը: