Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը կը տօնակատարենք նոր աշխարհակարգի ձեւաւորման բաւական թէժ գործընթացներու լոյսին ներքեւ: Գործընթացներ, որոնք գլխիվայր կը շրջեն երկրագունդի քաղաքական համապատկերը եւ նոյնիսկ մտածել կու տան, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր, երրորդ աշխարհամարտի տարբերակ է, տեղայնացուած, գուցէ վերահսկելի, յամենայն դէպս` գերտէրութիւններու երբեմն ուղղակի, երբեմն անուղղակի բախումներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ: Արդարեւ, ինչպէ՞ս կը բացատրուի, որ Միջին Արեւելքի պատերազմներուն մէջ ուղղակիօրէն ներգրաւուած են Ռուսիան, Թուրքիան, Իրանը, եւ երեւութապէս աւելի կրաւորական` ՕԹԱՆ-ը եւ Միացեալ Նահանգները: Համաշխարհային պատերազմի այսօրուան տարբերակ կը յիշեցնէ այս մէկը: Եւ մենք, իբրեւ հայկական գործօն, իբրեւ այս բոլոր իրադարձութիւններուն մօտակայ եւ հեռակայ ազդեցութիւնները կրողը, պէտք է կարենանք հաշուարկել մեզի համար ստեղծուելիք կացութիւնները եւ եթէ ոչ անպայման առաւելներով, գէթ նուազագոյն վնասներով դուրս գալ հրամցուող կացութիւններէն:
Եւ որովհետեւ թէ՛ Միջին Արեւելքը, թէ՛ Եւրոպան եւ թէ՛ Ռուսիան սերտօրէն առնչուած են հայկական աշխարհին հետ, մենք այստեղ չենք կրնար միայն լուսարձակի տակ բերել Դաշնակցութեան անցած 125-ամեայ ուղիի կարեւոր հանգրուանները: Դաշնակցական միտքը, անոր գաղափարախօսական հէնքի վրայ գոյացող մտածողութիւնը անպայման պէտք է անդրադարձ կատարեն ամենանորագոյն զարգացումներուն, եւ անոնց հետ փորձենք դիտարկել հայկական առնչութիւնները:
Գերտէրութիւնները սերտօրէն ներգրաւուած են միջինարեւելեան եւ յատկապէս սուրիական պատերազմին մէջ: Խնդիրը վաղուց դուրս եկած է սուրիական եւ միջինարեւելեան սահմաններէն եւ ոչ միայն տարածաշրջանային, այլ նաեւ համաշխարհային հակամարտութիւններու կեդրոնի վերածուած է: Եւ բնական է ու հասկնալի, որ երբ պատերազմ է ու պատերազմէն բխած հետեւանքներով գոյացած տարբեր տեսակի ճգնաժամեր, անմիջականը այս պարագային արտահոսքն է: Արտահոսքը ընդհանուր է անշուշտ, սակայն յստակ միտում կը նկատուի միջինարեւելեան տարածաշրջանի ապաքրիստոնէացման: Համեմատութիւնները նկատի ունենալով աչքառու է յատկապէս` արաբական երկիրներէ դուրս եկող քրիստոնեայ տարրը, որուն նկատմամբ տարբեր երկիրներ կը կիրարկեն ապաստան տրամադրելու քաղաքականութիւնը:
Միջինարեւելեան երկիրներուն մէջ արագ ակնարկ մը նկատել կու տայ, որ Իրաքի, Իրանի, Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու թուաքանակը ի՛նչ հոլովոյթի ենթարկուած է այսօր: Այս ընդհանուր միտումէն անմասն չի կրնար մնալ նաեւ հայութիւնը: Նոր արտահոսքի այս երեւոյթը հասած է նաեւ Եւրոպայի սկանտինաւեան տարածաշրջանը եւ յատկապէս` Շուէտ, ուր համայնքին թիւը կտրուկ աճ արձանագրած է վերջին տարիներուն: Այս մէկը արդէն ներազգային առումով հայկական աշխարհի յարափոփոխութեան երեւոյթն է, երբ կը նօսրանան արագօրէն դասական, աւանդական գաղութներ, եւ նոյն արագութեամբ կը կազմուին նորեր, եւ միեւնոյն արագութեամբ տեղի կ՛ունենայ ազգաբնակչային շարժունակութիւն:
Արագութեան դար է, եւ իրադարձութիւնները արագ են` յանգելով կտրուկ փոփոխութիւններու: Հայկական կողմը ընդհանրապէս, թէ՛ մայր հայրենիքի եւ թէ՛ աշխարհի տարածքին, բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտութեան առջեւ է համակարգուած, միասնական եւ արհեստավարժ աշխատանք տանելու բոլոր մակարդակներու վրայ: Նոր իրավիճակներու իւրաքանչիւր հնարաւորութեան ստեղծման դիմաց անհրաժեշտ են, ծրագիրներ` կարենալ դիմակայելու համար այսօրուան աշխարհի մարտահրաւէրները:
Եւ այստեղ կարեւոր է պատմական փորձառութիւնը: Միշտ փորձելով մնալ այժմէական խնդիրներու վերլուծման դիտակէտերու դիրքերու վրայ` անհրաժեշտ է վերանայիլ, օրինակ, ռուս-թրքական պատերազմներու պատմականը` իմանալու համար, որ տասնվեցերորդ դարէն ի վեր 13 պատերազմ մղած են ռուսերն ու թուրքերը, եւ հերթական անգամ ի՞նչ հետեւանքներ կրած են հայերը: Հաւանաբար, եզրակացանելու համար այն, որ հակաթուրք տրամադրութիւններու բարձրացումը եւ Մոսկուայի կողմէ յստակ քայլերու դիմելը Թուրքիոյ դէմ` այնքան ալ պէտք չէ գերխանդավառէ մեզ` այս բոլորին մէջ տեսնելու Արեւմտահայաստանի ազատագրումը կամ Թուրքիոյ կործանումը: Քաղաքական ելեւէջները կրնան արագ փոխուիլ եւ օգտագործուող թեմաներն ու կողմերը կրնան նոյն արագութեամբ վերածուիլ մանրադրամի: Ամբողջ խնդիրը քաղաքական գործընթացներու ճիշդ վերլուծում ընելուն մէջ կը կայանայ, որպէսզի իրադարձութիւններու ճիշդ ժամանակին քայլ առնուի եւ առաւել մը ապահովուի հայկական կողմին:
Այս առումով Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշումները բարձրակէտ ապահովեցին մեզի համար թէ՛ ներազգային եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակներու վրայ: Ներազգային առումով մենք ունեցանք համահայկական հռչակագիր, Ցեղասպանութեան տարելիցի ձեռնարկները միասնաբար նշող եւ քաղաքական նախանիշներ փոխանցող միացեալ մեքենայ, որ ներարեց թէ՛ հայոց պետականութիւնը, թէ՛ Արցախի հանրապետութիւնը եւ թէ՛ սփիւռքը իր բոլոր բաղադրիչներով, եկեղեցիով, կուսակցութիւններով, եւ հասարակական կազմակերպութիւններով: Մենք ունինք այսօր համահայկական հռչակագիր` առաջին անգամ ըլլալով, որուն շուրջ գոյացած է համահայկական համաձայնութիւն: Բոլորս անխտիր նախանշած ենք մեր հետագայ ընելիքները եւ աշխարհին ու մեր հակառակորդներուն կը ներկայանանք միեւնոյն պահանջներով: Այնտեղ ամրագրուած է նաեւ մեր համահայկական պահանջատիրութիւնը, եւ յղում կատարուած է Սեւրի դաշնագրին եւ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին, որ կը սահմանագծէ մեր ամբողջական հայրենիքի սահմանները: Այլեւս ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ հայերը տակաւին չեն ճշդած, թէ ի՛նչ կը պահանջեն իրենց հակառակորդէն եւ աշխարհէն: Համահայկական հռչակագիրը բանաձեւած է ու նախանշած` մեր պահանջներն ու մեր հետագայ ընելիքները: Եւ ամէնէն կարեւորը, անիկա ընդունուած է միաձայնութեամբ Պետական յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստին եւ համայն աշխարհին յայտարարուած հանրապետութեան նախագահին կողմէ` Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն: Մենք միաւորուած ենք մեր պահանջներով եւ մեր հետագայ հիմնական ընելիքներով:
Մենք ազգովին ուրեմն ունինք փաստաթուղթ, որ մեր հետագայ աշխատանքներուն ընդհանուր հայեցակարգն է: Եւ այս փաստին հետ հաշուի պիտի նստին բոլորը, մանաւանդ` մեր հակառակորդները, որոնք կ՛ուզեն տարանջատել հայութեան հայրենի եւ սփիւռքեան հատուածները եւ անվերջ շահարկումի փորձեր կատարել:
Արտաքին մակարդակի վրայ հարիւրամեակը Ցեղասպանութեան ճանաչումի աշխատանքներու նշաձողը հասցուց բարձրակէտի: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ ապրիլ քսանչորսի օրը, այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ ապրիլ տասներկուքին, այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ աւելի ուշ եւ տակաւին ճանաչումի յաղթարշաւը, որ թափ հաւաքեց ամբողջ տարուան ընթացքին, մեր քաղաքական յաղթանակի կարեւորագոյն օրինակներն են: Որոշ բանաձեւերու մէջ սկսաւ երեւիլ նաեւ հատուցման պահանջի նախագիծերը, երբ սկսան ամրագրուիլ նաեւ հայրենահանման գաղափարները կամ Ցեղասպանութեան իրականացուած վայրերը: Ճանաչումի խորհրդարանական որոշումներն ու այս շարքը անշուշտ կլոր տարեթիւի` 100-ամեակի հետ կապ չունէր միայն: Մենք այլեւս խորապէս կը գիտակցինք, որ Ցեղասպանութիւնը եւս օտար պետութիւններու համար քաղաքական յաղթաթուղթի համար օգտագործուող թեմա է, ամէն անգամ երբ Անգարային հասցուելիք ուղերձ մը ունի այս կամ այն պետութիւնը:
Թուրքիան այսօր իր քաղաքական փայլուն օրերուն մէջ չի թուիր ըլլալ: Ներքին իմաստով ստեղծուած իրավիճակը եւ յատկապէս միջազգային կեդրոններէ քաջալերուող քրտական շարժումը վերստին զարթօնք կ՛ապրի եւ կ՛ազդէ Թուրքիոյ ներքին կայունութեան վրայ: Քաղաքական դաշտը եւս պարտադրեց իշխող կուսակցութեան` կազմակերպելու արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Մէկ կողմէ քրտական գործօնի աշխուժացումը, միւս կողմէ` Ռուսիոյ հետ ստեղծուած լարուածութիւնը Թուրքիոյ ստիպած են պայքարիլ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ: ՏԱՀԷՇ-ին հասցուած օժանդակութիւնը Թուրքիոյ դիմագիծը մթագնած է այսօր աշխարհի մէջ իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու օժանդակող պետութիւն: Եւ պատահական չէր, որ նոյնիսկ իր դաշնակիցներուն կողմէ իրեն հանդէպ կիրարկուող մօտեցումները փոխելու եւ զօրակցութիւն յառաջացնելու համար Անգարան կը խաղար վտանգաւոր խաղ` հարուածելով ռուսական օդանաւը: Այսօր առ նուազն քաղաքական մեկնաբանութիւններու եւ վերլուծումներու մէջ սկսած է խօսուիլ Թուրքիոյ մասնատման հաւանականութիւններուն մասին:
Այս խնդիրը հայկական կողմին ալ կը վերաբերի, մանաւանդ որ, թէկուզ տասնամեակներու վրայ երկարող, այսուհանդերձ, սկսած է ուրուագծուիլ տարածաշրջանին մէջ նոր քարտէսագծումներ յառաջացնելու քաղաքականութեան ուղղութիւնները:
Ահա թէ ինչո՛ւ, ուրեմն, շատ կարեւոր է նաեւ մեր հատուցման թղթածրարի պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը: Հարիւրամեակի ձեռքբերումներէն է նաեւ համահայկական համաձայնութիւնը միջազգային իրաւունքի համահունչ պատրաստել Ցեղասպանութեան պատճառով իրաւազրկուած հայ ժողովուրդի հատուցումներու իրաւական թղթածրարը պատեհ առիթին ներկայացնելու համար միջազգային դատարան:
Մեր հատուցումները ունին անհատական, կալուածային, ինչքերու բնոյթ, մեր հատուցումները ունին եկեղեցապատկան, համայնքապատկան վանքերու եւ կալուածներու պահանջներու բաժին, եւ վերջապէս, նաեւ` համազգային նշանակութիւն ունեցող տարածքային պահանջատիրութեան առաջնային մաս: Այստեղ եւս գոյացած է համաձայնութիւն: Դաշնակցութիւնը իր կարգին պատրաստած է հատուցման ընդհանուր հայեցակարգային փաստաթուղթ: Սահմանադրական դատարանի նախագահի գլխաւորութեամբ եւ պետական յանձնաժողովի որոշումով պատրաստութեան ընթացքի մէջ է հատուցման իրաւական թղթածրարը, որուն իրականացման համար կ՛աշխատին վաստակ ապահոված իրաւագէտներ:
Մեր պահանջներու իրաւական թղթածրարի ամբողջացումով այլեւս ամբողջ հայութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեամբ, Արցախով եւ սփիւռքով յստակ, հիմնաւորեալ եւ միջազգային իրաւաչափութիւններու ներառումով կը ներկայանայ միջազգային ընտանիքին` արծարծելու համար Ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքներու վերացման իր իրաւունքի հարցը: Այո՛, կը գիտակցինք, որ խնդիրը հիմնականին մէջ քաղաքական է եւ իրաւականութիւնը կրնայ արդիւնքի չհասցնել մեր արդար Դատը. այսուհանդերձ, քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ պատրաստ ըլլալ իրաւականօրէն քաղաքական ճիշդ պահուն մեր պահանջները միջազգային ընտանիքին ներկայացնելու համար: Խնդիրը հայկական կողմին համար գործընթացներու քաղաքական ճիշդ ընթերցում կատարելն է, թայմինկի ճիշդ ընտրութիւնը եւ շահերու համատեղման եւ բախման առարկայական գնահատական տալն ու յարմար պահին կողմնորոշուիլը:
Գործընթացներու քաղաքական ընթերցումի կարեւորագոյն էջերէն մէկը կը յուշէ, որ մինչ Թուրքիան իր կոշտ քաղաքականութեամբ, հարեւաններու հետ զերօ խնդիրներու փոխարէն, բազմակի խնդիրներ յառաջացնելով, Եւրոպայի վերջին փակ սահմանի բացումը ձգձգելով եւ շրջափակման ենթարկելով` հետհզհետէ աւելի կը հեռանայ Եւրոպայէն, իսկ Երեւանը յաւելեալ ժողովրդավարացման քայլեր առնելով` կառավարման համակարգը կիսանախագահականէն խորհրդարանական անցում կատարելով եւ նոր սահմանադրութեան իւրաքանչիւր յօդուած Եւրոպայի սահմանադրագէտներու յանձնախումբին, Վենետիկի յանձնաժողովին հետ համաձայնեցնելով` հետզհետէ կը մօտենայ եւրոպական արժեհամակարգին: Եւ պատահական չէ, որ օրերս վերստին կը սկսին բանակցութիւնները Պրիւքսէլի եւ Երեւանի Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներուն մէջ համագործակցութեան նոր փաստաթուղթի մշակման նպատակով:
Այս մէկը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ կամուրջի դեր ստանձնելու Եւրոմիութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ` կարենալ շարունակելու համար հաւասարակշիռ եւ փոխլրացուցիչ արտաքին քաղաքականութիւնը: Մինչ Իրանի ապամեկուսացումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ ցամաքային կարեւոր հանգամանք ստանալ` Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն կապող, գումարած` Մետաքսէ ճանապարհի երկաթուղային կապը Իրանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք հասնող , այդ պարագային այլեւս կը նսեմանայ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ մեր երկրի շրջափակումն ու տարածաշրջանային ծրագիրներէն դուրս մղելու բոլոր փորձերը:
Այդ փորձերը դժբախտաբար քաղաքական սահմաններուն մէջ չեն մնար: Ոչ միայն արցախեւազրպէյճանական շփման գիծերու վրայ, այլ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի պետական սահմաններու երկայնքին Պաքուն կը շարունակէ ռազմատենչ հռետորաբանութեան համահունչ, զինուորական գործողութիւններ ձեռնարկել. խափանարարական գործողութիւն, դիպուկահարներ, հրադադարի անվերջանալի խախտումներ կը յատկանշեն Պաքուի զինուորաքաղաքական վարքագիծը, որ այլապէս ալ յայտնի էր` կացինահարութեամբ, մարդասպանի հերոսացումով, զօրավարժութեան ընթացքին ուղղաթիռ խփելով եւ գերեվարուած անզէն գիւղացին խափանարար ներկայացնելով:
Այս բոլորին դիմաց հատու են` հայկական զինեալ ուժերու պատասխանները, պատժիչ գործողութիւնները, ցաւցնող հակահարուածները: Արդիւնքը այն է, որ մեր սահմանները կը մնան անսասան, մեր բանակը մարտունակ եւ մեր անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը երաշխաւորուած:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ամենաբարձր մակարդակներով նշելէ եւ քաղաքական գործունէութեան նախանիշները ճշդելէ ետք, ազգովին կը պատրաստուինք նախ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացման 25-ամեակը նշելու եւ շուտով նաեւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը:
Երկու խորհուրդները զուգորդուած եւ անքակտելի են: Առաջին հանրապետութիւնը կ՛իրականանար Ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք: Պէտք է անդրադառնանք, որ հետեւեալն էր կացութիւնը. Արեւմտահայաստանը ամայացնելէ եւ արեւմտահայութիւնը տեղահանութեան եւ ցեղասպանութեան ենթարկելէ ետք, միեւնոյն թուրքը այս անգամ կը սպառնար Արեւելահայաստանին եւ արեւելահայութեան: Եթէ Սարդարապատի մէջ չկասեցուէր թրքական յառաջխաղացքը, Արեւմտահայաստանի ճակատագրին կ՛ենթարկուէր նաեւ արեւելահայութիւնը, եւ այդ պարագային էր, որ ամբողջական ցեղասպանութիւնը գործադրուած կ՛ըլլար: Դաշնակցութիւնը յաջողեցաւ համախմբել հայութիւնը եւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի մէջ կերտել հրաշքը` ընդամէնը ցեղասպանութենէն միայն երեք տարի ետք: Եւ այս մէկը պէտք է համարել Դաշնակցութեան` իբրեւ պետականակերտ կուսակցութեան, 125-ամեայ պատմութեան ամէնէն լուսաւոր էջը: Չըլլար 1918-ի խոյանքը, չէր ըլլար առաջին հանրապետութիւնը, չէր ըլլար երկրորդը չէր ըլլար երրորդը` այսօրուան հանրապետութիւնը: Պետականաշինութիւնը սկիզբ կ՛առնէր 1918-ին: Գերատեսչութիւններ, բանակ, դիւանագիտութիւն, միջազգային յարաբերութիւններ` բոլորը հիմնուած կառավարման խորհրդարանական համակարգի վրայ, այդ պայմաններու մէջ իսկ ժողովրդավար կարգերու հաստատումով:
Պետութեան ուղին է, որ միջազգային ընտանիքին մօտ ամէնէն ազդեցիկ ձեւով պիտի խօսի մեր բոլոր իրաւունքներուն մասին` Արցախի իրողական անկախութեան իրաւականացման մասին, Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին, մշակութային կոթողներու ոչնչացման դատապարտումին եւ հայոց բոլոր իրաւունքներու վերականգնման մասին:
Հայրենիքին եւ պետութեան ամբողջանուէր ինքնատրամադրումի մեր հաւաքական մօտեցումներէն ու միայն սրբագրելու եւ հայրենիքը աւելի ժողովրդավար ու հզօր տեսնելու մեր հաւաքական նախանձախնդրութենէն պէտք է մեկնին մեր քննադատութիւնները, որոնք պէտք է ըլլան բացառապէս կառուցողական:
Սեւցնելը, խծբծելը, հեգնելը ընդմիշտ դուրս պէտք է գան մեր հրապարակային քննարկումներու բառարաններէն, երբ կը խօսինք հայրենիքի ու պետութեան որեւէ երեւոյթի մասին: Պիտակաւորելը, հայրենասէրի եւ ոչ հայրենասէրի, հաւատարիմի եւ դաւաճանի դասակարգումներ եւ վերագրումներ կատարելը միայն ժխտական մթնոլորտի ձեւաւորման նպաստող աժան քայլեր են եւ որեւէ առաւել չեն բերեր մեր հաւաքական աշխատանքներուն:
Մեր խօսքն ու գործը աւելի հաւաստի կը դառնան, արժէք կ՛ունենան, երբ կառուցողական մօտեցումով, սխալը սրբագրուած տեսնելու միտումով եւ հայրենիքի հզօրացման համար կը խօսինք Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հակոտնեայ երեւոյթներու մասին, երբ համաձայն չենք ըլլար ընտրական համակարգի որեւէ հանգրուանի իրականացման ընթացքին երեւցող յոռի բարքերու եւ իշխանութիւններու ինքնավերարտադրանքի արհեստագիտութեան իրողութեան: Երբ կ՛ուզենք, որ վերնայ ստուերային տնտեսութիւնն ու փտածութիւնը մեր այսօրուան իրողական համակարգէն: Երբ կը մերժենք թրքական նախապայմաններ ներառած որեւէ փաստաթուղթի տակ տեսնել հայկական ստորագրութիւն: Երբ կը պահանջենք արցախեան բանակցութիւններուն պաշտօնական Ստեփանակերտի ուղղակի մասնակցութիւնը: Երբ կը խօսինք մանաւանդ ընդհանուր համակարգի եւ ոչ թէ սոսկ անձերու փոփոխութեան անհրաժեշտութեան մասին:
Միաժամանակ սուր կերպով կը մերժենք նաեւ որեւէ փորձ, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութիւնը: Կը դատապարտենք որեւէ փորձ, որ կը միտի խծբծել տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ բանակի` հայոց բանակի վարկը: Որեւէ քաղաքական շահարկում, որ կ՛օգտագործէ արցախեան թղթածրարը իշխանութիւններուն դէմ առաւելներ ապահովելու համար: Եւ կը պայքարինք բուռն կերպով ա՛յն բոլոր նախաձեռնութիւններուն դէմ, որոնք կրնան վտանգել մեր երկիրը, հասարակական կայունութիւնը կամ խնդրոյ առարկայ կը դարձնեն մեր պետութեան արտաքին հեղինակութիւնը:
Բազմակարծութիւնը, այլընտրանքային մտածողութեան զարգացումը, քննական միտքի պատրաստութիւնը աւելի քան անհրաժեշտ են, ժողովրդավար կարգերու հաստատման գործընթացին համար: Միայն ազատ շնչող, արարող, ստեղծագործող եւ տեղեկացուած հասարակութիւններն են որոնք լիարժէք յենարան կը դառնան մարդկային քաղաքակրթութեան նպաստող երկիրներու եւ պետութիւններու ծաղկման եւ բարգաւաճման:
Պետականութեան կայացման եւ պետականաշինութեան աշխատանքներուն համար այս բոլորը անհրաժեշտ ու նախապայմանային բաղադրատարրեր են, որոնք պէտք է ձեւաւորուին մեր երկրին մէջ` քաղաքական նոր մշակոյթ ապահովելու համար անկախ մեր հանրապետութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը այս տարուան մարտ ամսուան մէջ միաձայնութեամբ որդեգրեց յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովն ու Շուէտի խորհրդարանը այսպիսով կը դառնային միակ երկու երկիրները, որոնք կը ճանչնային ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Այս պահի դրութեամբ չկայ երրորդ պետութիւն մը, որ կը ճանչնայ ասորիներու ցեղասպանութիւնը: Այստեղ արդէն քաղաքականութեան մէջ ներառուած է նաեւ մարդկային յատկանիշներ: Միայն քաղաքականացուած մօտեցումը չէ, որ առաջնորդած է նման որոշումի. հայութեան պարագային ցեղասպանեալ ժողովուրդի կողմէ այլ ցեղասպանուած ժողովուրդներու դատը ճանչնալու, Շուէտի պարագային` փոքրամասնութիւններու ազգային իղձերը յարգելու եւ համամարդկային աղէտները նման ճանաչումներով կանխարգիլելու: Խորքին մէջ Շուէտի խորհրդարանի բանաձեւը կ՛առանձնանայ ճանաչումի խորհրդարանական մնացեալ բանաձեւերէն: 2010-ի թիւ 252 բանաձեւը կը ճանչնայ հայոց, քաղդէացիներուն, ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնները, գործադրուած` օսմանեան կայսրութեան կողմէ: Այս բանաձեւով Շուէտի օրէնսդիր հաստատութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Օսմանեան կայսրութինը ցեղասպանական եւ էթնիկ զտումներու քաղաքականութիւն կիրարկած է ոչ թուրք բոլոր փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ:
Այստեղ արդէն մարդկային գործօնի գերակայութիւնը քաղաքական շահին` յստակ է, ինչ որ յաւելեալ վարկ, հեղինակութիւն եւ համամարդկային մօտեցում ու ընկալում կ՛ապահովէ Շուէտի օրէնսդրական դաշտին:
Իսկ մարդկային գործօնը կամ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու վրայ կեդրոնացուած իրաւական համակարգը, Շուէտի պարագային, կարելի է ըսել, որ օրինակելի է: Այս առումով ալ արագ ակնարկ մը Շուէտի սահմանադրութեան` անմիջապէս որոշ զուգահեռներ կը գծէ Հայաստանի Հանրապետութեան բարեփոխուած սահմանադրութեան միջեւ. Վաղը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին տեղի կ՛ունենայ հանրաքուէ, որուն արդիւնքներուն հիման վրայ պիտի ճշդուի մեր սահմանադրութիւնը: Դաշնակցութիւնը գրեթէ քսանըհինգ տարի է ի վեր կ՛առաջադրէ կառավարման խորհրդարանական համակարգի անցում, մարդակեդրոն իրաւադրոյթներ, ուր գերակայ են քաղաքացիին իրաւունքները, ուր հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրակարգով կը կազմուի խորհրդարանը, ուր միանձնեայ լիազօրութիւններ գոյութիւն չունին, եւ ուր կ՛ապահովուի մեր հանրապետութեան յաւելեալ ժողովրդավարացումը:
Փոփոխուող աշխարհակարգին հետ եթէ որոշ հայկական գաղթօճախներ կը նօսրանան, ուրիշներ աճ կ՛արձանագրեն: Շուէտահայ համայնքը իբրեւ կազմակերպուող եւ քաղաքական գործօնի կայացման մէջ եղող համայնք` հայ քաղաքական մտքի ուշադրութեան առարկան դառնալու առարկայական պատճառներ ունի: Այստեղ կը գործեն Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական փորձ կուտակած աշխուժ ներկայացուցչութիւն, հասարակական կազմակերպութիւններ եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Շուէտի ընտանիքը:
Շուէտը յատուկ բանաձեւով, գրեթէ եզակի բնոյթով, բացայայտած է Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Իր խորհրդարանով 2012-ին անիկա դէմ եղած է ազրպէյճանական դիւանագիտական ոտնձգութիւններուն` արցախեան հակամարտութեան լուծման բանակցային գործընըթացը ԵԱՀԿ-ի շրջանակներէն այլ հարթութիւն տեղափոխելու: Սկանտինաւեան տարածաշրջանը եւ յատկապէս Շուէտը հայկական աշխարհին մէջ իր ուրույն իւրայատկութիւններով յատուկ տեղ գրաւած է եւ իբրեւ այդպիսին` օգտագործելի կարողականութեան մը նախադրեալները կը պարզէ:
Տարին կը փակենք եւ անհրաժեշտ է յետադարձ հայեացք մը նետել անցնող տարուան վրայ` նկատելու եւ համոզուելու համար, որ ազգովին փայլուն ձեւով եւ ամենաարդիւնաւէտ մակարդակով յաջողեցանք նշել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Տարին շրջադարձային է, որովհետեւ մեր պահանջատիրութիւնը կը թեւակոխէ նոր փուլ: Վաղը շրջադարձային կ՛ըլլայ նաեւ, երբ հայրենի ժողովուրդը ընդունի բարեփոխուած սահմանադրութիւնը, եւ երկիրը ընթանայ յաւելալ ժողովրդավարացման ճանապարհով: Կազմակերպ ու հայաստանակեդրոն սփիւռքով, դէպի միջազգային ճանաչում ընթացող Արցախով եւ համայն հայութեան հայրենիքը հանդիսացող Հայաստանի Հանրապետութեամբ մենք ազգովին համակարգաւորուած աշխատանքով կը յաջողինք` անգերազանցելի դարձնել մեր մարտունակ բանակը, ապահովել Արցախի անկախութիւնը եւ ամրակայել մեր հայրենիքի հանրապետութիւնը:
Որպէսզի իրականութիւն դառնայ մեր բոլորի երազանքը այսօրուան ազատ ու անկախ եւ վաղուան միացեալ ու հզօր Հայաստանը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
(Արտասանուած խօսք` ՀՅԴ 125-ամեակի տօնակատարութեան, 5 դեկտեմբեր 2015, Սթոքհոլմ)