Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Եռաբլուրի Մէջ Յարգած Են Արթուր Ղարիբեանի
Եւ Վարդան Բախշեանի Յիշատակը
Եռաբլուրի Մէջ Յարգած Են Արթուր Ղարիբեանի Եւ Վարդան Բախշեանի Յիշատակը Եռաբլուրի հերոսական բարձունքին վրայ 16 դեկտեմբերին հաւաքուած էին Վարդան Բախշեանի եւ Արթուր Ղարիբեանի մարտական ընկերները եւ հարազատները: 16 դեկտեմբեր 1991-ին Վարդան Բախշեան նահատակուած է Հասանաբադի մարտին, իսկ նոյն օրը Արթուր Ղարիբեան կը դառնար 48 տարեկան:
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի վարչութեան ատենապետ Վիգէն Յովհաննիսեան Վարդան Բախշեանին ծանօթացած է Հայաստանի մէջ սկաուտութեան վերահիմնադրութեան տարիներուն: Ան կը վկայէ, որ ինք նոյնպէս դաստիարակուած է Վարդանի պատմութիւններով:
«Այն տղոցմէ էր, որ հայրենասիրութեան մէջ կարեւոր կը նկատէր սերունդներու դաստիարակութիւնը: Կրնար նստիլ սկաուտական շարժման գրասենեակներուն մէջ, պտտել աշխարհով մէկ` յանուն սերունդներու դաստիարակութեան: Բայց նախընտրեց այս ճանապարհը` սեփական օրինականով մեկնեցաւ մարտի դաշտ, պայքարեցաւ եւ հերոսաբար զոհուեցաւ», դիտել տուած է Վիգէն Յովհաննիսեան:
Արթուր Ղարիբեան մարտի դաշտ գնաց այն տարիներուն, երբ ինք Գեղարուեստաթատերական հիմնարկի վերջին տարուան ուսանող էր: 1992 թուականի Մարտակերտի կռիւներուն զոհուած ազատամարտիկին մասին անոր դասախօսները կը հաստատեն, որ եթէ ողջ մնար, «պիտի անմահանար որպէս արուեստագէտ»:
«Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտողականութիւնը
Նորօսմանականութեան Գաղափարախօսութեան
Պարունակում» Խորագիրով Համաժողով
Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, 18 դեկտեմբերին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու կլոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը նորօսմանականութեան գաղափարախօսութեան պարունակում» խորագիրով գիտաժողով:
Բացման խօսքը արտասանեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ խօսելով նորօսմանականութեան մասին` անդրադարձաւ նաեւ այն հակասութիւններուն, որոնք առկայ են թրքական քաղաքականութեան մէջ: Ըստ նախարարին, մինչ Թուրքիա կը խօսի դրացիներուն հետ զերօ խնդիրներու ու բազմակողմանի յարաբերութիւններ ստեղծելու մասին, խորքին մէջ կը կատարէ հակառակը` ստեղծելով մարտնչող խնդիրներ:
ԳԱԱ-ի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը կանխելու համար պէտք է մշակել պահանջատիրութեան կառուցակարգեր` ճանաչումէն հատուցման անցնելու համար:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեան կարեւոր նկատեց բոլոր բնագաւառներուն մէջ համակարգուած աշխատիլը,որուն մէկ արտայայտութիւնն ալ այդ գիտաժողովը նկատեց:
Առաջին նիստը վարեց ԵՊՀ թրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ալեքսանդր Սաֆարեանը:
«Թուրքիան Էրտողանի նորօսմանականութեան շրջանում. արկածախնդիր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ լկտի ժխտողականութիւնը» թեմայով զեկուցեց ԳԱԱ-ի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը: ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեանը հանդէս եկաւ «Նորօսմանականութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման թուրքական պետական թեզերը» զեկուցումով:
Քաղաքական վերլուծաբան, «Համարկում եւ զարգացում« հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Արամ Սաֆարեանը ներկայացուց «Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարի հրէական փորձը եւ մեր խնդիրները» զեկուցումը:
«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան թուրքական հայեցակարգի հիմնական բաղադրիչները« թեմայով զեկուցեց ԳԱԱ-ի պատմութեան հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ, պատմական գիտութիւնների թեկնածու, դոցենտ (ընկալական) Արմէն Մարուքեանը:
Երկրորդ նիստը վարեց Հայաստանի սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանը:
«Նորօսմանականութեան հիմնահարցերը եւ յետխորհրդային թուրքագիտութիւնը» զեկուցումով հանդէս եկաւ ԵՊՀ թրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ալեքսանդր Սաֆարեանը: Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի տնօրէն Տարօն Սիմոնեանը զեկուցեց «Հայոց ցեղասպանութեան համար միջազգային իրաւական պատասխանատուութեան հիմքերը եւ կառուցակարգերը» թեմայով: Իրաւաբանական գիտութիւններու թեկնածու Լեւոն Գէորգեան ներկայացուց «Հայոց ցեղասպանութեան մերժողականութիւնը` ՄԻԵԴ-ի Փերինչեքն ընդդէմ Զուիցերիայի վճռից առաջ եւ յետոյ» թեմայով զեկուցումը:
«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման մեթոտներն ու մեքանիզմները արդի Թուրքիայում» թեմայով զեկուցում ներկայացուց ԳԱԱ-ի արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Անուշ Յովհաննիսեանը:
Երրորդ նիստը վարեց ԵՊՀ արեւելագիտութեան բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Ռուբէն Մելքոնեանը:
Թրքագէտ, Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի թրքերէնի բաժնի վարիչ, Մելինէ Անումեանը «Երիտթուրքերի 1919-1921թթ. դատավարութիւնների որոշ փաստերի խեղաթիւրման փորձեր թուրք ժամանակակից պատմագրութեան մէջ» թեմայով զեկուցում ներկայացուց:
«Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան առանցքային կէտերը` դերակատարների եւ դրսեւորումների ձեւափոխման պարունակում» թեմայով զեկուցեց ցեղասպանագէտ, քաղաքագէտ Մարի Յովհաննիսեան:
Նիստի աւարտին «Եփրատ» ուսումնասիրութիւններու կենտրոնի նախագահ Գէորգ Պետրոսեանը հանդէս եկաւ «Ընդհանուր ցաւ. Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման հարցում Թուրքիայի արդի քաղաքականութիւնը» թեմայով զեկուցումով:
Կատարուեցան քննարկումներ, ներկայացուեցան առաջարկներ: Գիտաժողովին մասնակիցները ողջունեցին համաժողովներ, գիտաժողովներ կազմակերպելու, ուսումնասիրութիւններ պատուիրելու սփիւռքի նախարարութեան հետեւողականութիւնը եւ նախաձեռնողականութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ, նախանձախնդրութիւնն ու պատրաստակամութիւնը Հայ դատի եւ հայոց պահանջատատիրութեան հարցերը միշտ կենսունակ պահելու եւ առաջ տանելու իմաստով:
Ամփոփելով գիտաժողովին արդիւնքները` նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշեց. «Այս գիտաժողովով պնդում ենք ժխտողականութեան դէմ պայքարում մեր հաստատակամութիւնը: Անհրաժեշտ է, որ սփիւռքը լսի, իմանայ ձեր մտավախութիւնների մասին, որ այսօր հնչեցին այստեղ: Անդրադառնալով ժխտողականութեան դրսեւորումներին` պէտք է նշենք, որ Թուրքիան վայրի ժխտողականութիւնից անցել է աւելի քողարկուած` սողացող ժխտողականութեան, ինչն առաւել վտանգաւոր եւ մոլորեցնող է: Ողջունում եմ այստեղ հնչած կարեւոր հարցադրումները, մեթոտաբանական առաջարկները, որոնք անհրաժեշտ է ուսումնասիրել, վերլուծել եւ յստակ առաջարկներ անել: Կարծում եմ, որ ցեղասպանագիտութեան միջազգային կենտրոն ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը կայ, որը կը զբաղուի համաժողովներ, լուրջ ուսումնասիրութիւններ կազմակերպելով»:
Արցախի Մէջ Յայտնի Են Մարդահամարի
Առաջին Հանգրուանի Արդիւնքները
դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ հերթական մարդահամար: Նախ ամբողջացուած են տուեալները, ապա կատարուած են ստուգիչ այցելութիւններ: Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը արդէն ունի առաջին հանգրուանի արդիւնքները:
Լեռնային Ղարաբաղի վիճակագրութեան պետական խորհուրդի անդամ Իրինա Աւանեսեան հետեւած է Հադրութի մէջ կատարուած մարդահամարին. ան գոհացուցիչ կը նկատէ թէ՛ մարդահամարի աշխատանքները եւ թէ՛ ալ հաշուարկման գործընթացը:
Հաշուարարները իրենց աշխատանքը աւարտած են 15 դեկտեմբերին, անկէ ետք սկսած են մարդահամարի արդիւնքներուն ամփոփումը:
Նախնական արդիւնքները պիտի հրապարակուին մինչեւ ապրիլ 2016, իսկ վերջնականը` մինչեւ նոյն տարուան աւարտը:
Մայր Աթոռին Կողմէ Դրամական Օժանդակութիւն
Տրամադրուած Է 1200-է Աւելի Ընտանիքի
«Արմէնփրես» մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ընկերային ծառայութեան տնօրէն Մարկոս քհնյ. Մանգասարեան ներկայացուցած է իրենց կողմէ կատարուած աշխատանքներն ու ցուցաբերուած ընկերային օժանդակութիւնները:
Անոր համաձայն, 2015-ին 65 միլիոն դրամ արժողութեամբ դրամական եւ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերուած է 1200-է աւելի ընտանիքներու: Այս ծրագրէն օգտուողներուն մեծամասնութիւնը կարիքաւոր ընտանիքներ են, հաշմանդամութեան հարցեր ունեցող անձեր, հիւանդներու ընտանքիներ, սուրիահայեր եւ սահմանամերձ գօտիներու բնակիչներ: Անոնք կը ճշդուին ներկայացուած համապատասխան դիմումին եւ անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցներու հիման վրան, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել անոնց կարիքները եւ ըստ այնմ հոգալ անոնց: «Դիմող ընտանիքները ե՛ւ քաղաքային, ե՛ւ գիւղական շրջաններէ են: Անոնց մօտաւորապէս 50 առ հարիւրին օգնութիւն կը տրամադրուի: Պէտք է ըսել, որ այստեղ միայն ամենակարիքաւորներուն հարցը չէ: Օրինակ, կրնայ ըլլալ, որ քաղաքացին շատ կարիքաւոր չէ, բայց դժբախտ դէպք տեղի ունեցած է, կամ փոքրիկը ծանր հիւանդութիւն մը ունի: Բնականաբար կ՛օգնենք», ըսած է ծառայութեան տնօրէնը:
Մարկոս քհնյ. Մանգասարեան դիտել տուած է, որ իրենք նաեւ հոգեբանական աշխատանք կը տանին, խորհուրդներ կու տան, յատկապէս այն անձերուն, որոնք կարիքաւոր չեն, սակայն կ՛ուզեն օգտուիլ այս ծրագրէն:
Խօսելով մօտիկ ապագայի ծրագիրներուն մասին` Մարկոս քհնյ. Մանգասարեան տեղեկացուցած է, որ արդէն պիտի սկսի «Ուրախ Ամանոր սահմանում» ծրագիրը, որով մայրաքաղաքին մէջ տօնական գնումներ կատարող բնակիչներուն կարելիութիւն պիտի տրուի նուէր գնել սահմանամերձ շրջաններու բնակիչներուն համար: Ըստ անոր, այս ծրագրին համար կը գործակցին Արաբկիր, Դաւիթաշէն, Կեդրոն վարչական շրջաններու «Երեւան սիթի» հանրախանութներուն եւ «Քարֆուր»-ի հետ:
«Շեշտը կը դնենք շնորհաւորանքին, այդ մարդոց Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն ուրախութիւն պարգեւելու վրայ: Այսինքն նպատակը ոչ թէ սահմանամերձ շրջանի բնակիչներուն ընկերային աջակցութիւնն է, այլ շնորհաւորելը: Դեկտեմբեր 19-ին ժամը 11:00-էն մինչեւ 20:00 նշուած հանրախանութներու մուտքերուն եւ դրամարկղերուն մօտ կանգնած են մօտաւորապէս 100 կամաւորներ: Անոնք գնորդներուն կը տրամադրեն ծրագրին մասին տեղեկատուական թերթիկներ: Ցանկալի է, որ սահմանամերձ բնակիչներուն համար նախատեսուած գնումները ըլլան քաղցրաւենիքի, գրենական պիտոյքներու, խաղալիքներու, տնտեսական ապրանքներու, պարենային սննդամթերքի տեսքով: Մենք շատ կը խօսինք, որ սահմանները ամուր են ո՛չ միայն զինուորներով, այլեւ` այնտեղ ապրող մարդոցմով: Այս ալ փոքրիկ առիթ մըն է, որ կարենանք մեր հոգատարութիւնը ցոյց տալ սահմանամերձ բնակավայրերու բնակիչներուն եւ մեր ջերմութիւնը փոխանցել», յայտնած է ընկերային ծառայութեան տնօրէնը:
Ստացուած նուէրները պիտի տարուին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, ուր պիտի դասաւորուին եւ ուղարկուին Իջեւան: Նուէրները պիտի տրամադրուին Իջեւանի տարածաշրջանի սահմանամերձ 8 գիւղերու: Այդ օրը Իջեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ համերգային մեծ նախաձեռնութիւն, որմէ ետք նուէրները պիտի բաշխուին համայնքապետներուն եւ տեղւոյն հոգեւորականներուն կողմէ:
Սկսած Է Տաթեւի Վանական Համալիրին
Վերականգնումը
«Տաթեւի վերածնունդ » ծրագրին ծիրին մէջ սկսած են Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման աշխատանքները, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:
Դեկտեմբերէն արդէն իսկ սկսած է համալիրին հիւսիսային մուտքի վերանորոգումը:
«Որոշուեցաւ աշխատանքներուն սկսիլ հիւսիսային մուտքէն, որ կարեւոր էր թէ՛ զբօսաշրջիկներուն համար խոչընդոտներ չստեղծելու համար, եւ թէ՛ համալիրի վերականգնման աշխատանքները ճիշդ կազմակերպելու տեսանկիւնէն: Այս այն դարպասն է, որ գործուած է պատմականօրէն: Այս դարպասէն մուտք գործելով իր ամբողջ վեհութեամբ կ՛երեւի Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, եւ շատ գեղեցիկ տեսարան կը բացուի: Աշխատանքներուն ընթացքին ո՛չ միայն կ’ամրացուի մուտքի պարսպապատը, այլեւ կը վերականգնուի սկզբնական տեսքը », նշած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը իրականացնող «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի ղեկավար Էդգար Մանուկեանը:
Մինչեւ շինարարական աշխատանքներուն սկսիլը` մասնագիտական կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուած են շարք մը հետազօտութիւններ, որոնց շարքին` երկրաֆիզիքական, երկրաբանական, նիւթաբանական, տարածքի շարժերու վիճակին, կառոյցներու ճարտարագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ լէյզրով սքեն:
Ուսումնասիրուած են նաեւ Տաթեւի վանական համալիրին վերաբերող մատենագիտական եւ արխիւային փաստաթուղթերը` վերականգնման աշխատանքները պատմական տեսքին եւ կառուցապատման համապատասխան իրականացնելու համար:
Վանական համալիրին հիմքը ստորգետնեայ ջուրերէն պաշտպանելու եւ խոնաւութենէն զերծ պահելու համար կոյուղիի նոր համակարգ կառուցուած է:
«Հիւսիսային մուտքէն ետք պիտի սկսին համալիրին միւս կառոյցներուն` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, զուգահեռ պիտի իրականացուի Ճօճուող սիւնի` Գաւազանի եւ զանգակատան վերականգնումը », ըսած է «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ղեկավար Հայկ Թութունճեանը:
Տաթեւի վանական համալիրի վերականգնման աշխատանքները իրականացնելու ընթացքին հիմնադրամը կը համագործակցի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի ճարտարապետական խորհուրդին եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ:
«Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ծիրին մէջ կը նախատեսուի վերանորոգել եւ վերականգնել վանական համալիրին բոլոր` թէ՛ եկեղեցական, թէ՛ օժանդակ կառոյցները:
Ուջանի Մանկապարտէզը
Արեւային Ուժով Պիտի Ջեռուցուի
«Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամ»-ը, ինչպէս նաեւ հիմնադրամի գլխաւոր գործընկեր «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը ներկայացուցած են «Այլընտրանքային ուժանիւթ» ծրագրի իրականացուած նախագիծի արդիւնքները` այս անգամ Արագածոտնի մարզի Ուճան համայնքին մէջ: Արդարեւ, Ուճանի մանկապարտէզին մէջ տեղադրուած է արեւային ջրատաքացուցիչներով համալրուած ջեռուցման համակարգ:
Նոր համակարգի գործարկման ներկայ եղած են «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեան, «Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամ»-ին աշխատակազմը, Արագածոտնի մարզպետը, Ուջան համայնքի ղեկավարը եւ գիւղի բնակիչները:
«Արդար չէ, որ տարուան ամենագեղեցիկ եղանակը` ձմեռը, հրճուանք չպատճառէ փոքրիկներուն եւ միայն կը բազմապատկէ հոգերը, յատկապէս` մարզերու մէջ ապրող ընտանիքներու համար: Մանկապարտէզը արեւային ուժանիւթի միջոցով ջեռուցմամբ եւ տաք ջուրով ապահովելը լաւագոյն լուծումն էր, որովհետեւ համայնքը կարելիութիւն կ՛ունենայ կրճատելու ելեկտրականութեան հոսանքի ծախսերը եւ այդ գումարները կ՛ուղարկէ այլ կարեւոր հարցերու լուծման: Հարկ է նշել նաեւ ծրագրի բնապահպանական առաւելութիւնները` օդի աղտոտման նուազումը, բնական պաշարներու խնայողական օգտագործումը: Եւ ի հարկէ, լուծուած է ձմեռնային շրջանին փոքրիկներուն զբաղուածութեան հարցը: Յոյսով ենք, որ այսուհետեւ ձմեռը այս փոքրիկներուն համար միայն հրաշքներու ակնկալիքի, հեքիաթային գեղեցկութեան եւ ջերմութեան ժամանակաշրջան ըլլայ», այս առիթով ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
Մօտաւորապէս 2700 բնակիչ ունեցող Ուջան համայնքին մէջ մանկապարտէզ կը յաճախէ 60 փոքրիկ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր այս համայնքին մէջ կանոնաւոր ջեռուցում չէ եղած, որուն պատճառով ալ ձմրան ամիսներուն նշեալ մանկապարտէզը չէ գործած: Այժմ մանկապարտէզը ամբողջ տարին կրնայ գործել` անկախ եղանակային պայմաններէն:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը Մեծագոյն Ներդրողն Է
Բջիջային Հաղորդակցութեան Բնագաւառին Մէջ
Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբին պահանջով բջիջային ընկերութիւններուն հրապարակած տուեալներէն ի յայտ եկած է, որ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը առաջինն է իր կատարած ներդրումներուն չափով:
Ներդրումները կը ներառեն 2013-ի առաջին եռամսեակէն մինչեւ 2015-ի երրորդ եռամսեակ երկարող ժամանակաշրջանը:
Այս ժամանակաշրջանին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը 28,1 միլիառ դրամի ներդրում կատարած է, ինչ որ կը կազմէ բջիջային հաղորդակցութեան ոլորտի բոլոր ընկերութիւններուն կողմէ կատարուած 50 միլիառ դրամի համախառն ներդրումներու քանակին մեծագոյն մասնաբաժինը` 55,8 առ հարիւրը:
«Գործունէութեան առաջին իսկ օրէն «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը յաջողած է ձեռք ձգել հասարակութեան վստահութիւնը` ապահովելով ցանցի ամենալայն ծածկոյթ, նորարար ծառայութիւններ եւ արհեստագիտութիւններ, յուսալիութիւն, գինի եւ որակի լաւագոյն յարաբերակցութիւն, բաժանորդներու սպասարկման բարձր որակ, օրինակելի գործարար վարմունք, ինչպէս նաեւ` իրականացնելով լայնածաւալ ընկերային ներդրումներ», նշուած է այս առիթով ընկերութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: