Գերմանական «Պիլտ» մարզաթերթին համաձայն, ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը շատ հաւանաբար իր կազմին միացնէ Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքին:
Ասիկա սակայն կրնայ տեղի ունենալ այն պարագային միայն, եթէ Շուէտի ֆութպոլի ազգային խումբին 34 տարեկան խմբապետ Զլաթան Իպրահովիչ որոշէ չմնալ մայրաքաղաքի կազմին հետ եւ յառաջիկայ ամրան ընթացքին Փարիզի մէջ չմնայ:
Մարզիչ Լորան Պլանի համաձայն, Լեվանտովսքի պիտի ըլլայ 34 տարեկան Զլաթանի յարմարագոյն փոխարինողը:
Նշենք, որ Լեվանտովսքի Պայէրն Միւնիխէն կը ստանայ տարեկան 9 միլիոն եւրօ: Իսկ Փարիզ Սեն Ժերմենէն ան պիտի ստանայ 15 միլիոն եւրօ: