ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է. «Մենք կը հաւատանք, որ աւելի քան մէկ տարուան ընդմիջումէն ետք եկած է նախագահներու հանդիպման եւ տագնապի լուծման ուղղուած քայլերու կառուցողական քննարկման ժամանակը»:
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ շեշտած է, որ Մինսքի խմբակը յոյս ունի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ համագործակցելու 2016-ին ԵԱՀԿ-ի մէջ նախագահող Գերմանիոյ հետ:
«Գերմանիան համանախագահներուն հաւաստած է տագնապի լուծման հարցին մէջ բանակցային հոլովոյթին աջակցելու մասին», յայտարարած է Ուորլիք: