Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, իր մրցումը կը կատարէ այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 20:00-ին Սատի դաշտին վրայ կը մրցի Ռապիհի դէմ:
Իսկ Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ, վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Սատաքայի դաշտին վրայ կը մրցի Մաշաալ Պատնայելի դէմ:
Ներկայ դրութեամբ, ՀՄԸՄ Պէյրութ (Բ. խմբակ) 3 կէտով կը գրաւէ Ա. խմբակին 9-րդ դիրքը, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ունի 13 կէտ, կը գրաւէ Ա. խմբակին 3-րդ դիրքը:
Ա. խմբակին առաջին դիրքը կը գրաւէ Հուրրիէ (18 կէտ), մինչ Բ. խմբակին առաջին դիրքը` Ամալ Պիքֆայա (15 կէտ):