Հինգշաբթի, 10 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00-էն 10:00, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթիի Ռապիէի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի առիթով հիւրասիրութիւն մը` կազմակերպութեամբ «Լիբանանի մէջ Կիպրոսի գաղութ» միութեան, ներկայութեամբ լիբանանաբնակ 125 կիպրահպատակ հրաւիրեալներու:
Նկարին մէջ` «Լիբանանի մէջ Կիպրոսի գաղութ» միութեան յանձնախումբի անդամ` Թամի Ուրիշեան- Հատիտեան, անդամ Արտեմիս Ֆելլաս, միութեան նախագահ Սթալօ Հապիպի, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթի, միութեան յանձնախումբի անդամ Արմինէ Ճերմակեան- Սարաֆեան, Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Թէոտորոս Փասսաս , Կասիա Ճերմակեան` անդամ եւ Յակոբ Տունիայեան` անդամ: