Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2016-ի Պիւտճէն Ընդունուեցաւ. Դաշնակցութիւնը Չմասնակցեցաւ Քուէարկութեան

December 10, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Budget_120915

Խորհրդարանին մէջ 97 թեր, 12 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէներով 9 դեկտեմբերին ընդունուեցաւ 2016 թուականի պետական պիւտճէին վերաբերող նախագիծը:

Փաստաթուղթի քուէարկութենէն առաջ ելոյթ ունեցաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը եւ տեղեկացուց, որ պիտի չմասնակցին քուէարկութեան:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրաբեան յայտարարեց, որ իրենք թեր պիտի քուէարկեն: Քուէարկութենէն առաջ ծաւալուն ելոյթով հանդէս եկաւ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Անոր համաձայն, 470 միլիոն տոլարով նուազած են դրամական փոխանցումները, ինչ որ ազդած է սպառման քանակին վրայ. առեւտուրը 10 ամսուան ընթացքին նուազած է 25 տոկոսով: «Կառավարութիւնը միջոցներ գործադրած է, մշակած ոչ սովորական լուծումներ, կազմած է տնտեսական ծրագիրներ, որոնց արդիւնքով 9 ամիսներու ընթացքին արձանագրուած է  համախառն ներքին արդիւնքի 3,5 առ հարիւր աճ: Հիմնական աճը արձանագրուած է հանքարդիւնաբերութեան ու գիւղատնտեսութեան մարզերուն մէջ», ըսաւ ան:

Քուէարկութենէն ետք վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամաւորներուն` նշելով, որ քուէարկութեան արդիւնքները, անոր բնութագրումով, «պարտաւորեցնող են»:

 

Նախորդը

«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Եւ Հայոց Պետականութիւնը» Խորագիրով Երկօրեայ Գիտաժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Ակնարկ. 9 Դեկտեմբերին Հայկական Ձեռագիրը

RelatedPosts

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին  Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Զախարովա. «Ռուսիան Պատրաստ Է «Թրամփի Ուղի»-ին Միանալու Տարբերակները Ուսումնասիրելու»

January 31, 2026
Հայաստանը Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան  Հիմնադրամէն Պիտի Ստանայ 10 Միլիոն  Եւրոն. Հունգարիան Վերցուցած Է Արգելքը
Հայկական

Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին Աջակցութեան Նոր Միջոց Կը Տրամադրէ

January 31, 2026
Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն  Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոչարեան. «ԹՐԻՓՓ-ը Մեր Մեծագոյն Անվտանգային Սպառնալիքը Պիտի Դառնայ»

January 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.