Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ. Դասախօսութիւն` «Յօդացաւեր» Նիւթով

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC05317

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 9 դեկտեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Յօդացաւեր» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց  բեկաբուժ-վիրաբուժ տոքթ. Փոլ Եազպեք:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց  Վերժին Խորշիտեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ յօդացաւերը եւ անոնց հետեւանքները ընդհանրապէս կը զարգանան տարեցներու մօտ, բայց յաճախ 45 տարեկանէն վեր ցաւերը եւ անոնց հետեւանքները կը սկսի շատ փոքր համեմատութեամբ:

Տոքթ. Փոլ Եազպեք դասախօսութեան սկսաւ ներկայացնելով մարմնի հիմնական յօդերը եւ այն վայրերը, ուր ցաւերը կը զարգանան: Դասախօսը նշեց հետեւեալները. վիզը, կռնակի վարի բաժինը, կոնքը, մատներուն ծայրը եւ ծունկը:

Վերոյիշեալ բաժինները կը «բորբոքին» այս պարագային ոչ թէ մանրէի կամ ժահրի իբրեւ արդիւնք, այլ հիւանդութեան իբրեւ հետեւանք:

Ան խօսեցաւ կռնակի ցաւերու մասին. եթէ անոնք յօդացաւի արդիւնք են, ապա նախընտրելի է գործողութիւն չընել, այլ յարակից մկանները մարզել ու զարգացնել:

Դասախօսը մատներու պարագային բացատրեց եւ ներկայացուց տարբերութիւնը ռոմաթիզմին ու յօդերու բորբոքումին: Ռոմաթիզմի պարագային մատները կը թեքուին ու կը ծռին, իսկ յօդերու բորբոքման իբրեւ հետեւանք մատներու ծայրամասերը կը ցաւին ու կը շեղին:

Հետեւաբար գլխաւոր յօդերը, որոնք կ՛ազդուին, հետեւեալներն են.

ա- Կոնքը
բ- Ծունկը
գ- Ոտքի մատները
դ- Ողնաշարը
ե- Ձեռքի մատները

Նկատի պէտք է ունենալ նաեւ այլ յօդեր, որոնք յարաբերաբար նուազ կ՛ազդուին հիւանդութենէ եւ ցաւերէ: Անոնք են` ուսը, դաստակը, արմուկը եւ կրունկը:

Բժիշկը սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրեց, թէ ի՞նչ կը պատահի, երբ յօդերը կը տառապին այս հիւանդութեամբ, ուր գլխաւորաբար երկու ոսկորներուն միջեւ եղող օճառը (քարթիլէյճ) աստիճանաբար կը նուազի եւ կը փճանայ:

Որո՞նք են վտանգի գործօնները, որոնք պատճառ կ՛ըլլան յօդացաւերու.

ա- Տարիքը. 45 տարեկանէն վեր կարելիութիւնը կը բարձրանայ:
բ- Իգական սեռի պարագային համեմատութիւնը աւելի բարձր է, յատկապէս դաշտանադադարէն ետք:
գ- Երբ առկայ է ոչ բնական յօդերու եւ ոսկորներու կառոյց:
դ- Ժառանգական ազդակը
ե- Գիրութիւնը եւ մարմնի յաւելեալ կշիռքը կը ճնշեն կոնքի եւ ծունկի ոսկորներուն եւ յօդերուն վրայ:

Տոքթ. Փոլ Եազպեք թուեց նաեւ այլ ազդակներ, որոնք չենք կրնար փոխել: Անոնք են. ժառանգական ազդակը, տարիքը եւ իգական սեռին պատկանիլը: Իսկ այլ ազդակները, որոնք կրնանք փոխել` գիրութիւնը, ոսկորներու յարակից մկաններու զարգացումը եւ յօդերու պէտք եղածէն աւելի օգտագործումը:

Ինչպէ՞ս ախտաճանաչել յօդացաւերը. Բժշկական զանազան քննութիւններով (Ֆիզիքական, արեան) եւ շողանկարումով: Ինչպէս նաեւ բժշկական անցեալի տեղեկութիւններով:

Վերջին բաժինով դասախօսը բացատրեց, թէ ինչպէ՞ս կարելի է հետեւիլ եւ հսկել յօդացաւերուն: Յօդացաւը աստիճանաբար զարգացող հիւանդութիւն է, կարելի չէ զայն վերջնականապէս բուժել: Բուժումը կը կատարուի նուազեցնելով ախտանշանները եւ դանդաղեցնելով հիւանդութեան ընթացքը:

Աւարտին բժիշկը զանազան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:

Նախորդը

«125 Տարիներու Ընթացքին Դաշնակցութիւն-Ժողովուրդ Ամուր Կապի Երաշխիքներն Են Հաւատարմութիւնը, Վստահութիւնը, Նուիրումն Ու Անկեղծութիւնը» «Բաց Քննարկում»-ի 9-րդ Յայտագիրին Հաստատեցին Դաշնակցութեան Համակիր Հիւրերը

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Հանդիպումները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?