Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«125 Տարիներու Ընթացքին Դաշնակցութիւն-Ժողովուրդ Ամուր Կապի Երաշխիքներն Են Հաւատարմութիւնը, Վստահութիւնը, Նուիրումն Ու Անկեղծութիւնը» «Բաց Քննարկում»-ի 9-րդ Յայտագիրին Հաստատեցին Դաշնակցութեան Համակիր Հիւրերը

Դեկտեմբեր 10, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի
Լուսանկարը` ԴԱԼԱՐ Ա.-ի

Հինգշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2015-ին, «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ «Բաց քննարկում»-ի 9-րդ յայտագիրը, որուն նիւթն էր «ՀՅԴ-ի դերը լիբանանահայ գաղութին մէջ»: Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ Րաֆֆի Տեմիրճեան: Ան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը ուժեղ է իր համակիրներով, կը գոյատեւէ իր շուրջ համախմբուած համակիրներով: Տեմիրճեան աւելցուց, որ ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապը ոչ մէկ ատեն քանդուած ու վտանգուած է, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնը հիմնուած է փոխադարձ վստահութեան եւ հաւատարմութեան վրայ:

«Բաց քննարկում» յայտագիրի հիւրերն էին նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեան, դոկտ. Գրիգորիս Պողարեան եւ Յակոբ Լուսարարեան:

Մեթր Ժաք Չուխատարեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը միշտ պաշտպանած է ժողովուրդին իրաւունքները եւ միշտ հետապնդած է հաւաքականութեան շահերը: Չուխատարեան յայտնեց, որ կուսակցութիւն-ժողովուրդ կապին հիմքը անկեղծութիւնն է: Լիբանանի մէջ լիբանանահայութեան իրաւունքներուն անդրադառնալով` Չուխատարեան ըսաւ, որ միշտ ալ Դաշնակցութիւնը եղած է համայնքին իրաւունքները պաշտպանողն ու հետապնդողը` իբրեւ գաղութի մեծագոյն ուժը: Մեթր Ժաք Չուխատարեան նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան 125-ամեակը մեծ առիթ մըն է ամփոփելու կուսակցութեան բազմամեայ գործունէութիւնը, կատարելու զոհողութիւններուն արժեւորումները եւ խոնարհելու նահատակներու յիշատակին դիմաց:

Իսկ դոկտ. Գրիգորիս Պողարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի վերջին 125-ամեայ պատմութեան մէջ ունեցած է իր մեծ դերն ու կարեւորութիւնը, իսկ գաղութներուն կազմակերպման մէջ` մեծագոյն մասնակցութիւնը: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը կազմակերպուած եւ հաւաքական գործելակերպ ունեցող կուսակցութիւն է, որ մնայուն կերպով եղած է ժողովուրդին կողքին: Պողարեան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը կը գոյատեւէ, որովհետեւ համակիրները կուսակցութեան նկատմամբ ունին հաւատք եւ վստահութիւն: Անդրադառնալով 125-ամեակին նուիրուած նուիրահաւաքին` դոկտ. Պողարեան շեշտեց, որ հաւաքուած գումարը պերճախօս փաստն է, որ Դաշնակցութիւնը իր ուղեգիծով իր վարկը պահած է, եւ առկայ դժուարին պայմաններուն մէջ իսկ ժողովուրդը իր ներդրումը կը կատարէ:

Դոկտ. Պողարեան ըսաւ. «Մարդկային կեանքին մէջ 125 տարի ապրիլը հազուադէպ է, իսկ երբ կուսակցութիւն մը 125 տարի կ՛ապրի ու կը պահէ իր աշխուժութիւնը, ապա այս մէկը ոչ միայն ներկայի, այլ` ապագայի իմաստով կ՛ունենայ իր թելադրանքներն ու արժէքը»: Ան նշեց, որ գալիք տասնամեակներուն Դաշնակցութիւնը պէտք է շարունակէ իր երթը` հետամուտ ըլլայ իշխանութիւնները ժողովրդավար դարձնելու, շարունակէ Հայ դատին աշխատանքները, աջակցի Արցախին եւ շարունակէ հայապահպանման աշխատանքները: Ան յայտնեց, որ «Ինչ որ կ՛ընենք կարեւոր է, բայց բաւարար չէ: Պէտք է յաւելեալ ճիգ թափել` յաղթահարելով մարդուժի եւ այլ տագնապները: Մենք պէտք եղած չափով մարդուժի պատրաստութիւն չենք կատարած: Պէտք է առաւելագոյն չափով երիտասարդներուն տեղ տալ, քաջալեր հանդիսանալ»:

Յակոբ Լուսարարեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը ես եմ, դուն ես, բոլորս ենք, ժողովուրդն է»: Լուսարարեան աւելցուց, որ կուսակցութիւնը հասած է բոլորին, բոլորին ձեռք երկարած է, խաղաղ թէ պատերազմի օրերուն թիկունք կանգնած է, եւ այս գործին իբրեւ արդիւնք իր շուրջ համախմբած է հաւաքականութեան բոլոր հատուածները: Լուսարարեան հաստատեց, որ հաւաքական աշխատանքը յաջողութեան լաւագոյն գրաւականն է, եւ Դաշնակցութիւնը միշտ ալ միասին աշխատած է, բոլորին առիթ տուած է եւ բոլորին հետ խորհրդակցած:

Ան նշեց, որ ՀՅԴ 125-ամեակի նուիրահաւաքը մեծ ու քաջալերական իրագործում էր, եւ նիւթականի տէր անհատները մնայուն կերպով պէտք է աջակցին Դաշնակցութեան, որովհետեւ գումարը կը ծառայէ Հայ դատին: Լուսարարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան նահատակները զոհուած են ազգային նպատակի համար, մեր ապագային համար եւ այս զոհաբերութիւնը մեզի համար պէտք է ըլլայ պարտաւորեցնող: Յակոբ Լուսարարեան մաղթեց, որ Դաշնակցութիւնը իր գործունէութիւնը շարունակէ միեւնոյն շունչով, երիտասարդ ոգիով, արդիականացած մօտեցումներով եւ միասնակամ կամքով:

«Բաց քննարկում» յայտագիրին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը հեռաձայնով բերին բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք յայտնեցին Դաշնակցութեան նկատմամբ իրենց զօրակցութիւնը:

Յայտնենք, որ «Բաց քննարկում»-ի 10-րդ յայտագիրը պիտի սփռուի այսօր, կէսօրուան ժամը 12:00-ին: Յայտագիրին նիւթն է «Լիբանանահայ համալսարանական ուսանողներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ լուծումները»:

 

Նախորդը

ՀՅԴ 125-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւնը Շուէտի Մէջ

Յաջորդը

ԼՕԽ. Դասախօսութիւն` «Յօդացաւեր» Նիւթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?