Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մեթիու Պրայզա ազրպէյճանական «Զերքալօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին համար առաջնահերթութիւն է:
«Նուազ կարեւոր չէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը: Այս խնդիրը կարեւոր է մեր կառավարութեան համար եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթ դիրքերու վրայ է: Գիտեմ, որ այս կարծիքը կը կիսեն նախագահ Պարաք Օպաման եւ արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը»:
Պրայզա յիշեցուցած է, որ Օպամա նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումի ժամանակ շեշտած էր, որ շրջանին մէջ սթաթիւս քոյի պահպանումը անընդունելի է եւ կողմերը պէտք է համարձակ քայլերու ձեռնարկեն բանակցութիւններու միջոցով խնդիրի լուծման համար:
«Նախագահը շեշտած էր, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ունակ չեն ինքնուրոյն աւարտին հասցնելու լուծման հիմնարար սկզբունքներու համաձայնեցումը, այդ պատճառով խնդիրը կը մնայ ոչ կառուցողական եւ վտանգաւոր իրավիճակի մէջ: Ան նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնած էր զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան աճին կապակցութեամբ: Օպամա խորհուրդ տուած էր աւելի համարձակ քայլեր առնելու տագնապին լուծման համար: Մինսքի խմբակը կողմերուն օգնած է պատրաստելու բանակցութիւններու միջոցով հետագայ արդարացի որոշումներու կայացման համար հիմնարար սկզբունքներու հիմնական դրոյթները: Կը կարծեմ, որ տագնապին լուծումը կողմերէն փոխզիջումներ պիտի պահանջէ», յայտնած է դեսպանը:
Ըստ անոր, մատրիտեան թղթածրարը հիմնարար է եւ կը ներառէ բոլոր անհրաժեշտ հիմնարար սկզբունքները, որոնք պիտի նպաստեն ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման : Ատոր մէջ ներկայացուած սկզբունքներու հերթականութիւնը, որոնք ճգնաժամի յաղթահարման համար պէտք է կիրարկուին` ուժի չկիրարկում, տարածքային ամբողջականութիւն եւ ազգային փոքրամասնութիւններու ինքնորոշման իրաւունք:
«Տագնապը արդէն երկար տարիներէ ի վեր լուծման ընթացքի մէջ է, սակայն այսօր ոչ մէկ դրական արդիւնք կայ: Կողմերը իրարու չեն վստահիր, զիջումներ չեն կատարեր, ինչ որ աւելի կը խորացնէ խնդիրը: Եթէ խնդիրը շատ մօտ ապագային չլուծուի, ապա անիկա շատ երկար ժամանակով պիտի յետաձգուի: Կը ձգտինք, որ լուծումը անցաւ եւ կողմերու շահերու նուազագոյն վնասով տեղի ունենայ: Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ լուծումին տարբերակները մտածուած եւ կշռադատուած են», ըսած է Պրայզա:


