Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌՈՒՍ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԴԱՄԱՍԿՈՍ

August 30, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ասատ եւ Պոկտանով

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ ռուս պատուիրակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի հետ:

Աղբիւրներ «Արապիա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին յայտնեցին, որ ռուս պատուիրակը նախագահ Ասատի հետ ունեցած է աւելի քան մէկ ժամնոց հանդիպում մը, որուն ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի կողմէ փոխանցած է նամակ մը, որուն մէջ ան մասնաւորաբար վերջին պատկերասփռուած զրոյցին ընթացքին Ասատի  յայտարարած բարեփոխումներուն նկատմամբ Ռուսիոյ զօրակցութիւնը յայտնած է:

Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Պոկտանով իրեն հետ Սուրիոյ տագնապի լուծման առնչութեամբ ռուսական որեւէ նախաձեռնութիւն չէ բերած:

Ռուս պատուիրակին Դամասկոս այցելութեան զուգահեռ սուրիացի ընդդիմադիրներ Անգարայի մէջ յայտարարեցին 94 անդամներէ բաղկացած Ազգային փոխանցման խորհուրդի կազմութիւնը: Սակայն խորհուրդի կազմութիւնը ընդդիմադիր շրջանակներուն մէջ վէճ յարուցեց եւ անոնցմէ շատեր յայտնեցին, որ տեղեակ չեն խորհուրդին իրենց անդամ նշանակումէն:

Խորհուրդի կազմութեան նախապատրաստութեան աշխատանքներու յանձնախումբէն աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին  յայտնեցին, որ խորհուրդի անդամներուն մեծամասնութիւնը յայտարարուած խորհուրդէն անտեղեակ է:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի գիշեր պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ հարցերուն յայտնեց, որ վարչակարգ մը իր ժողովուրդը սպաննելով չի կրնար վերապրիլ` աւելցնելով, որ միակ ձեւը զէնքերը վար դնելն ու ժողովուրդին պահանջին ականջ տալն է:

«Մենք Թունուզի, Եգիպտոսի եւ Լիպիոյ մէջ տեսանք ճակատագիրը անոնց, որոնք այս ընթացքը չորդեգրեցին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը ժողովուրդներու օրինական պահանջներն են:

«Այսօրուան աշխարհին մէջ միանձնեայ իշխանութեան, բռնատիրական վարչակարգերուն եւ  փակ ընկերութիւններուն տեղ չկայ», յայտնեց Էրտողան` աւելցնելով, որ Թուրքիա այս մէկը նախապէս յիշեցուց Եգիպտոսի, Թունուզի եւ Լիպիոյ վարչակարգերուն, իսկ այժմ Սուրիոյ եւ Եմէնի վարչակարգերուն կը յիշեցնէ: Ան նշեց, որ Թուրքիա իւրաքանչիւր միջազգային հարցի մէջ ընկերութիւններուն միջեւ խաղաղութեան, փոխադարձ զօրակցութեան, համախոհութեան եւ  մտերմութեան պիտի զօրակցի:

Մինչ այդ, թրքական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Անգարա պիտի ենթարկուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ հարցով հրապարակուելիք որեւէ որոշումի, բան մը, որ տեղի պիտի ունենայ, եթէ «վարչակազմի ներկայ ընթացքը շարունակուի»: Ան նաեւ հերքեց Սուրիոյ մէջ թրքական ապահովական գօտի մը ստեղծելու ծրագիրի մը գոյութիւնը` նշելով, որ «այդպիսի հարց մը պէտք է Իրաքի մէջ պատահածին նման միջազգային որոշումով տեղի ունենայ»:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ «Արաբական գարուն»ի երկիրներուն` Լիպիոյ, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Թունուզի եւ Եմէնի հետ առեւտուրի համեմատութիւնը յունուար-յուլիս 2011-ի ժամանակամիջոցին անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին բաղդատմամբ 11 առ հարիւրի անկում մը արձանագրած է:

Նշեալ երկիրներուն հետ Թուրքիոյ առեւտուրի ծաւալը 2010-ի առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին 5.7 միլիառ տոլար կը գնահատուէր: Իսկ 2011-ի առաջին եօթը ամիսներուն ընթացքին այդ հինգ երկիրներուն հետ Թուրքիոյ առեւտուրի ծաւալը նուազած է 5.1 միլիառ տոլարի:

 

Նախորդը

ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ «ՄԱՒԻ ՄԱՐՄԱՐԱ»Ի ՀԱՐՑՈՎ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԻՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒՄԸ ՅԵՏԱՁԳԵԼ

Յաջորդը

«ԵԹԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԸ ՇԱՏ ՄՕՏ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՉԼՈՒԾՈՒԻ, ԱՊԱ ԱՆԻԿԱ ՇԱՏ ԵՐԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿՈՎ ՊԻՏԻ ՅԵՏԱՁԳՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՊՐԱՅԶԱ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.