Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մենք Կ՛ուղղուինք Դէպի Լուրջ Ու Արմատական Փոփոխութիւններ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինսեան

November 28, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ough_112715

Թալինի մէջ սահմանադրական հանրաքուէի քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան անդրադարձաւ սահմանադրական այն փոփոխութիւններուն, որոնք կը վերաբերին խորհրդարանին, որ պէտք է  ընտրուի մարդոց վստահութեան քուէով:

«Այսօրուան խորհրդարանը ձեւաւորուած է 41 մեծամասնական եւ 90 համամասնական պատգամաւորներէ: Թէեւ Հանրապետական կուսակցութեան տրուած համամասնական քուէով այդ կուսակցութիւնը ունի 43 առ հարիւր, բայց ան մեծամասնականի հաշուոյն կը զբաղեցնէ մեծամասնութիւնը: Ասիկա կը նշանակէ, որ այս խորհրդարանը  իրական պատկերը չ՛արտայայտեր` տեսնելու խորհրդարանին մէջ այն ուժերը, որոնք ի վիճակի են ծրագիրներ կեանքի կոչելու: Սահմանադրական փոփոխութիւններով` այս վիճակը կը փոխուի, որովհետեւ կը վերանայ մեծամասնական ընտրակարգը», ըսած է պատգամաւորը:

Ան բացատրեց, թէ նախագահական, կիսանախագահական եւ  խորհրդարանական կառավարման համակարգերը հիմնականին մէջ ինչպէ՛ս կը տարբերուին իրարմէ:

«Մէկ տեղ է միայն անոնց տարբերութիւնը` ո՛վ կը ձեւաւորէ գործադիր իշխանութիւնը: Նախագահական համակարգի ժամանակաշրջանին  գործադիր իշխանութիւնը կը ձեւաւորէ նախագահը, կիսանախագահականի ժամանակաշրջանին` նախագահը` հաշուի առնելով խորհրդարանին մէջ ուժերու յարաբերակցութիւնը, իսկ խորհրդարանական կառավարման ժամանակաշրջանին գործադիր իշխանութիւնը կը ձեւաւորէ միայն խորհրդարանը», ըսաւ Արծուիկ Մինասեան` աւելցնելով, որ խորհրդարանական կառավարման համակարգը բազմաթիւ զարգացած նկատուող երկիրներու մէջ իր դրական արդիւնքները տուած է:

Աւարտին, Արծուիկ Մինասեան խօսեցաւ պետականութեան նկատմամբ յարգանքի կարեւորութեան մասին, առանց որուն երկիրը չի կրնար զարգանալ: Ըստ Ռուստամեանի, կ՛ուղղուինք դէպի շատ լուրջ եւ  արմատական փոփոխութիւններ, որոնց կարիքը մեր երկրին մէջ վաղուց կը զգացուի:

 

 

Նախորդը

Վատիկանի Փակ Արխիւներուն Մէջ Գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Բոլոր Փաստաթուղթերը Կը Հրատարակուին

Յաջորդը

Թելեթոնի Ընթացքին Հանգանակուեցաւ 10 Միլիոն 378 Հազար 465 Տոլար

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.